Թուրքիան մտադիր է ռազմակայան տեղակայել Սէուտական Արաբիոյ մէջ՝ Մեքքայի պաշտպանական դաշինքին շրջածիրէն ներս թագաւորութեան մէջ իր ռազմական ներկայութիւնը ընդլայնելու ծրագիրներու լոյսին տակ։ Այս մասին կը հաղորդէ «Türkiye» թերթը։
«Türkiye»-ի տեղեկութիւններուն համաձայն՝ Մեքքայի դաշինքի անդամ երկիրներուն՝ Փաքիստանի, Սէուտական Արաբիոյ եւ Թուրքիոյ կողմէ Հոկտեմբեր 5-ին Ռիատի մէջ ընդունուած՝ համատեղ պաշտպանութեան պարտաւորութիւններու գործնական իրականացումը անյապաղ սկսելու եւ ռազմական ուժեր տեղակայելու որոշման շրջածիրէն ներս, Թուրքիան իր փոքր եւ միջին հեռահարութեան հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերով պիտի մասնակցի Սէուտական Արաբիոյ կազի եւ ելեկտրականութեան ոլորտներու չորս կարեւորագոյն կառոյցներու պաշտպանութեան։
Տարածաշրջան ուղարկուելիք թուրք զինուորականներու թիւը պիտի ճշդուի յառաջիկայ օրերուն։
Սէուտական Արաբիա թրքական զինուորական զօրակազմ ուղարկելու որոշումը պէտք է հաստատէ հանրապետութեան խորհրդարանը։ Կ՚ակնկալուի, որ այդ տեղի պիտի ունենայ Հոկտեմբերին։
Բաց աղբիւրներու տուեալներով՝ Թուրքիան ռազմական ռազմակայաններ ունի 12 երկիրներու մէջ։ Անոնցմէ ամէնէն մեծը կը գտնուի չճանչցուած Հիւսիսային Կիպրոսի Թրքական Հանրապետութեան մէջ, ուր տեղակայուած է աւելի քան 30 հազար զինուոր։
Թուրքիոյ ռազմակայաններ կան նաեւ Քաթարի, Իրաքի, Սուրիոյ, Սոմալիի, Լիպիոյ եւ շարք մը այլ երկիրներու մէջ։