Իսլամական յեղափոխութեան պահակագունդի ցամաքային զօրքերու հրամանատարը յայտարարած է, որ Ռասք եւ Չապահար քաղաքներուն մէջ 3 ապրիլի գիշեր ոստիկանական բաժանմունքներու վրայ յարձակած ահաբեկիչներէն 16-ը սպանուած է: Այս մասին գրած է Tasnim-ը:
Նշենք, որ Իրանի Սիսթան եւ Պելուճիստան նահանգի Չապահար եւ Ռասք քաղաքներու ոստիկանական բաժանմունքներու վրայ զինուած ահաբեկչութիւններու հետեւանքով երեք իրաւապահ սպանուած է։ Այս մասին, Mehr գործակալութեան հաղորդմամբ, յայտնած է նահանգի անվտանգութեան հարցերով փոխնահանգապետ Ալիռեզա Մարհամաթին։
«Ժամը 22-ի մօտերը ահաբեկիչները յարձակած են Չապահարի քանի մը ոստիկանական բաժանմունքներու վրայ: Մեր ուժայիններու եւ իրաւապահ մարմիններու օգնութեամբ անոնց յարձակումը ետ մղուած է, անոնցմէ մի քանին զոհուած կամ վիրաւորուած են: Ցաւօք, մեր երեք մարտիկներ զոհուած են»,-ըսած է ան:
Ռասք քաղաքին մէջ ոստիկանական բաժանմունք մուտք գործելու փորձ կանխուած է, պարզաբանած է գործակալութիւնը։
Ըստ Իրանի իշխանութիւններու՝ ահաբեկչական «Ճէյշ ալ-Ատլ» խմբաւորումը, որ հիմնական կը գործէ Իրանի հարաւ-արեւելեան շրջանին մէջ, ուր կը գտնուի Աֆղանստանի եւ Փաքիստանի հետ սահմանը, ստանձնած է յարձակման պատասխանատւութիւնը: