Մենք ամբողջութեամբ կ՚ոչնչացնենք Իրանի ահաբեկչական վարչակարգը,– յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը։
«Իրանի ռազմածովային ուժերը այլեւս չկան, անոնց ռազմաօդային ուժերը գոյութիւն չունին, հրթիռները, անօդաչու թռչող սարքերը եւ մնացած ամէն ինչ կ՚ոչնչացուին, իսկ անոնց առաջնորդները անհետացած են երկրի երեսէն։
Անոնք 47 տարի շարունակ սպաննած են անմեղ մարդիկ ամբողջ աշխարհի մէջ, իսկ հիմա ես՝ որպէս Միացեալ Նահանգներու 47-րդ նախագահ, կը սպաննեմ զանոնք»։