image
Հրատապ լուրեր:

Իրանի լայնածաւալ զօրավարժութիւններ պիտի կայացնէ

Իրանի լայնածաւալ զօրավարժութիւններ պիտի կայացնէ

Իրանի զինուած ուժերը յառաջիկայ ժամերուն պիտի սկսին «Վելայաթի երկինքի պաշտպաններ 1402» ծածկանունով հակաօդային պաշտպանութեան լայնածաւալ զօրավարժութիւնները, հաղորդած է Tasnim-ը:

Յատկանշական է, որ զօրավարժութիւններու մասին յայտարարուած է Իրանի տարածքին Փաքիստանի օդային հարուածներէն ետք:

Զօրավարժութիւններու ընթացքին առաջին անգամ պիտի կիրառուին շարք մը առաջադէմ համակարգեր, ըսած է հակաօդային պաշտպանութեան ռազմակայանի հրամանատար Խաթամ ալ-Անպիան։