image

Իրանի դէմ առկայ պատիժները պիտի մեղմացուին

Իրանի դէմ առկայ պատիժները պիտի մեղմացուին

 

Իրանական միջուկային ծրագրի հարցով բանակցող կողմերը Վիեննայի մէջ պայմանաւորուած են՝ Իրանի նկատմամբ սահմանուած պատժամիջոցային ցուցակներէն բացառել շարք մը անուններ եւ կազմակերպութիւններ:

Ինչպէս կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոստի»-ն, այս մասին յայտնած է Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարար Ապպաս Արաքժին: Վերջինս նշած է, որ դեռ բոլորը չեն բացառուած պատժամիջոցներու ցանկէն, եւ այդ հարցով քննարկումները կը շարունակուին:

«Համաձայնութիւն ձեռք բերուած է պատժամիջոցային ցուցակներէն բազմաթիւ մարդոց, ֆիզիքական անձանց եւ կազմակերպութիւններու բացառման մասին, սակայն կան նաեւ ուրիշներ, որոնք դեռ տարբեր պատճառներով ներառուած են այդ ցուցակներուն մէջ: Մեր բանակցութիւններն այդ հարցով դեռ կը շարունակուին»,- ըսած է Արաքժին հարցազրոյցին մէջ, որ տեղադրած է իր թելեկրամեան ալիքին: