Թուրքիա- («Հիւրիյյէթ»- Պոլիս) Թուրքիոյ անվտանգութեան մարմինը՝ MIT-ը եւ իրանեան VAJA-ն համագործակցած են իրաքեան «Ալ Ստըր» Քաղաքին մէջ առեւանգուած թուրք աշխատաւորներու ազատ արձակման համար: Այս մասին կը գրէ Պոլսոյ «Հիւրիյէթ»ը: Թերթը նաեւ կը տեղեկացնէ, որ իրանեան VAJA-ն մեծ ճնշումներ գործադրած է թուրքեր առեւանգող Շիիթ միլիցին դէմ, անոնցմէ պահանջելով հեռու մնալ «Իսլամական պետութեան» գործելակերպէն: Նշենք, որ 2 Սեպտեմբերին 18 թուրքեր առեւանգուած էին իրաքեան «Ալ Սատըր» քաղաքին մօտ: Անոնք ազատ արձակուած էին երկու հանգրուանով: Առաջին հանգրուանին ազատ արձակուած են եւ ապա 16 առեւանգեալներ ազատ արձակուելէ ետք տարուած են Պաղտատի թրքական դեսպանատուն եւ ապա ուղղարկուած էին Պոլիս: