image

Իրանեան VAJA- ն Թուրք Գերիներու Հարցով Հագործակցած Է MIT-ին Հետ

Իրանեան  VAJA- ն Թուրք Գերիներու Հարցով  Հագործակցած  Է MIT-ին Հետ

Թուրքիա-  («Հիւրիյյէթ»- Պոլիս)  Թուրքիոյ անվտանգութեան մարմինը՝ MIT-ը   եւ  իրանեան  VAJA-ն համագործակցած են     իրաքեան «Ալ Ստըր» Քաղաքին մէջ առեւանգուած    թուրք  աշխատաւորներու  ազատ արձակման  համար: Այս մասին կը գրէ  Պոլսոյ  «Հիւրիյէթ»ը: Թերթը նաեւ  կը տեղեկացնէ, որ     իրանեան VAJA-ն մեծ ճնշումներ գործադրած է     թուրքեր առեւանգող  Շիիթ միլիցին դէմ, անոնցմէ պահանջելով  հեռու մնալ     «Իսլամական պետութեան»  գործելակերպէն: Նշենք, որ    2 Սեպտեմբերին  18 թուրքեր առեւանգուած էին  իրաքեան «Ալ Սատըր» քաղաքին  մօտ: Անոնք ազատ արձակուած էին երկու հանգրուանով: Առաջին  հանգրուանին ազատ արձակուած  են      եւ ապա    16 առեւանգեալներ ազատ արձակուելէ ետք տարուած են Պաղտատի    թրքական դեսպանատուն եւ ապա ուղղարկուած   էին Պոլիս: