13 յունիսի Իսրայէլի կողմէ Իրանին վրայ յարձակումէն մէկ օր ետք Չինաստանէն թռիչք կատարած է բեռնատար ինքնաթիռ։ Յաջորդ օրը ափամերձ քաղաքէն մեկնած է երկրորդ ինքնաթիռը։ Երկուշաբթի եւս ինքնաթիռ մը մեկնած է, այս անգամ Շանկհայէն. այսինքն՝ երեք թռիչք երեք օրուան մէջ։ Չինաստանէն կ'ուղարկուին փոխադրային ինքնաթիռներ, որոնք, Իրանին մօտենալուն պէս կ'անհետանան ռատարներէն, գրած է բրիտանական The Telegraph թերթը։
«Տուեալները ցոյց կու տան, որ իւրաքանչիւր թռիչքի ժամանակ ինքնաթիռը կը թռչի դէպի արեւմուտք՝ Հիւսիսային Չինաստանի վրայով, կ'անցնի Ղազախստանով, ապա հարաւ՝ Ուզպեքիստանով եւ Թուրքմենիստանով, ապա կ'անհետանայ ռատարներէն՝ Իրանին մօտեցած պահուն», - ըսուած է յօդուածով։
Հրատարակութեան տուալներով՝ թռիչքներու ծրագիրներուն մէջ ամէն անգամ Լիւքսամպուրկ նշուած էր որպէս վերջնական նպատակակէտ, սակայն ինքնաթիռները, ըստ երեւոյթին, երբեք չեն հասած Եւրոպա։
«Այս բեռնափոխադրումները, անկասկած, մեծ հետաքրքրութիւն կ'առաջացնեն, քանի որ կան սպասումներ, որ Չինաստանը կրնայ ինչ որ կերպ օգնել Իրանին Իսրայէլի հետ հակամարտութեան», - թերթին ըսած է Էքսետերի համալսարանի դասախօս Անտրէա Ղիզելլի։
Նախօրէին Չինաստանի ղեկավար Սի Ծինփին յայտարարած էր, որ Փեքին խորապէս մտահոգ է, որ Իսրայէլի ռազմական գործողութիւնները Իրանի դէմ յանգեցուցած են Մերձաւոր Արեւելքի մէջ լարուածութեան կտրուկ աճի։
Անոր խօսքով՝ ռազմական հակամարտութիւնը չի կրնար ըլլալ խնդրի լուծումը, իսկ տարածաշրջանային իրավիճակի սրումը չի համապատասխաներ միջազգային հանրութեան ընդհանուր շահերուն։