Միասնաբար փրկենք հայերէնը (18)
Նախադաս մէջբերուած խօսք
«Այս պահուս մենք կապի մէջ ենք
իշխանութիւններուն հետ: Սա մեր երկխօ-
սութեան մէկ մասն է»,- ըսած է ան:
* * *
Այս երեք հատուածները առնուած են, առաջինը՝ Լոս Անճելըսի «Մասիս»-էն (1/3/2025), երկրորդը՝ Աթէնքի «Հայ կեանք»-էն (14/3/2025), երրորդը՝ Քանատայի «Լուսաբաց»-էն (թիւ 1207):
Նախադաս մէջբերուած խօսքի տիպարն են ասոնք, ուր մէջբերուած խօսքը՝ չակերտներու մէջ առնուած, կը կանխէ հեղինակի խօսքը՝ ըսաւ Գրիգորեան, նշեց Միրզոյեան , ըսած է ան :
Ինչպէս կը նկատենք, մէջբերուած խօսքը հեղինակի խօսքէն տրոհուած՝ անջատուած է, փակուող չակերտէն ետք, ստորակէտ-գծիկով:
Նախադաս մէջբերուած խօսքի կէտադրութեան ճիշդ ձեւն է այս, որ ընդհան-րապէս անգիտացուած ու անտեսուսծ է արեւմտահայուն կողմէ: Գալով թերթերուն՝ որքան ես գիտեմ եւ ի պատիւ իրենց՝ միայն «Մասիս»-ը, «Հայ կեանք»-ն ու «Լուսաբաց»-ը կը հետեւին այս օրինաւոր ձեւին:
Մաղթելի է, որ ան ընդհանրանայ:
Միայն թէ միութեան գծիկին փոխարէն պէտք է անջատման գիծ դնել, ինչպէս զայն դրած է «Լուսաբաց»-ը:
Ծանօթ.- Ընթացիկ համակարգիչները այս անջատման գիծը չունին ստեղնաշարին վրայ: Հպելով Insert-ին՝ կը ստանաք յունական Ω տառը. այս մէկուն ալ հպելով կը ստանաք անջատման գիծը:
Տէր ընդ ամենեսեանդ. կը յուսամ յուսախաբ չէք ըներ Մ. Մաշտոցը:
Կէտադրութիւն
Վեր. Թութիկեանի մէկ յօդուածին արտատպումները կը կրեն հետեւեալ խայտաբղէտ կէտադրութիւնները.
***Մասիս (22/2/2025)
--Վասակեան իրապաշտութի՞ւն թէ Վարդանեան գաղափարապաշտութի՞ւն
***Ազդակ (27/2/2025)
--Վասակեան իրապաշտութի՞ւն թէ՞ Վարդանեան գաղափարապաշտութիւն
***Պայքար (2/3/2025)
--Վասակեան իրապաշտութի՞ւն թէ Վարդանեան գաղափարապաշտութի՞ւն
***Հայրենիք (26/2/2025)
--Վասակեան իրապաշտութի՞ւն, թէ՞ Վարդանեան գաղափարապաշտութիւն
***Ասպարէզ (28/2/2025)
---Վասակեանիրապաշտութի՞ւն, թէ Վարդանեան գաղափարապաշտութի՞ւն
Կէտադրական այս խաժամուժին մէջ՝ հարց կը ծագի, թէ հեղինակը ճիշդ ինչպէ՞ս կէտադրած էր իր յօդուածը:
Մեր կողմէ աւելցնենք, թէ ճիշդ է մի՛այն «Հայրենիք»-ինը:
Իսկ մնացեա՞լը...
3. Հետեւեալը կը պատասխանէ,- բայց իրապէս կը պատասխանէ՞...,- ձեր
հարցումին. բաղդատել՝
«Ազդակ», 4/1/2025 Բնագիր
Այսօր տօն է Սուրբ Ծննդեան, աւետիս Այսօր տօն է սուրբ ծննդեան, աւետիս,
Տեառն մերոյ եւ յայտնութեան, աւետիս Տեառն մերոյ եւ յայտնութեան, աւետիս,
Այսօր արեւն արդարութեան, աւետիս Այսօր արեւն արդարութեան, աւետիս,
Երեւեցաւ ի մէջ մարդկան, աւետիս Երեւեցաւ ի մէջ մարդկան, աւետիս:
Տողավերջի կէտերը փափուկ ձեռքերով ջնջուած են...
Յօդուածագիրը չես գիտեր ի՛նչ աղբիւրէ օգտուած է, իսկ հրատարակիչը ոչ իսկ անդրադարձած է գոյութիւն ունեցող կէտադրական աղէտին:
Թող որ կէտադրութիւնը արեւմտահայուն վերջին հոգն է:
Տակաւին հարց կը ծագի, թէ օգտագործուած բնագիրը, որմէ փոխադրուած է ան թերթին, ճիշդ կէտադրուա՞ծ էր:
* * *
Թիւեր 2-ով եւ 3-ով բերուած օրինակները ցոյց կու տան, թէ որքան փխրուն կրթանք է կէտադրութիւնը, ուր կարելի է սխալիլ նոյնիսկ ճիշդ օրինակի ընդօրինակութեան առթիւ: Անուշադրութիւնը, աճապարանքը, հմուտ սրբագրիչի ըմբռնելի պակասը՝ ասոնք բոլոր կ’այլանդակեն զայն:
4. Նոյնիսկ
Մեր թերթերէն մէկուն մէջ հանդիպեցայ նոյնի՛սկ շեշտադրութեան:
Յօդուածը կը կրէր ստորագրութիւնը ծանօթ արուեստաբանի մը եւ փորձառու գրողի մը, որուն յօդուածները միշտ ալ հաճոյքով կարդացուած են քիչ մը բոլորիս կողմէ:
-Ուրեմն ինչո՞ւ այս սխալը,- պիտի հարց տաք:
Որովհետեւ...կիսատ-պռատ սորվեցուցած են անոր. ըսուած է, որ հայերէնի շեշտը կ’իյնայ վերջին վանկի ձայնաւորին վրայ, ու... վե՛րջ:
Չէ ըսուած, որ կան բացառութիւններ, եւ նոյնիսկ-ը անոնցմէ է:
Նոյն-ով սկսող մեծաթիւ բառերուն մէջ ունինք հինգը, որոնք այս վերջիններէն են:
Այսպէս՝ նո՛յնիսկ, նո՛յնպէս, նո՛յնպիսի, նո՛յնչափ, նո՛յնքան :
Նկատելի է, որ ասոնք հինգն ալ անյօդակապ բարդութիւններ են:
Իսկ մեծաթիւ ուրիշներ՝ ընդհանրապէս յօդակապաւոր, կը կէտադրուին ըստ կանոնի՝ վերջին ձայնաւորին վրայ. թուենք անnնցմէ մէկ քանին.
նոյնաբանութի՛ւն նոյնաբնո՛յթ
նոյնադէ՛մ նոյնաձա՛յն
նոյնադաւա՛ն նոյնահո՛ւնչ
Մրցոյթ 17.
***Ջնջել հետեւեալներուն մակաբոյծ բառերը.
---Անդրադարձանք վերաշինութեան եւ անոր համար անհրաժեշտ եղող
բարեկարգումներուն:
---Միացեալ Նահանգներ կը քննարկեն Լիբանանի կեդրոնական դրամա-
տան յաջորդ տնօրէնի նշանակումը հարցը:
***Կրնա՞ս երկու աւելի կոկիկ ձեւերով ըսել հետեւեալը.
---Բանակը որդեգրած է բոլոր քայլերը արգիլելու համար զինեալներուն
Լիբանանեան հողեր մուտքը գործելը:
---Բանակը որդեգրած է բոլոր քայլերը, որպէսզի արգիլէ զինեալներուն Լիբանան մուտքը:
***Գտնել հետեւեալին անհամասեռութիւնն ու սրբագրել զայն.
---Այս անգամ հետը տարաւ հիւանդ կինը եւ միամեայ աղջկան աղջիկը:
***Սրբագր է՛ հետեւեալին քերականական եւ շարադասական սխալները:
---Այն, ինչ որ արեւելեան սահմաններուն վրայ տեղի կ’ունենան, չի կրնար
շարունակուիլ:
---Չի կրնար շարունակուիլ այն, ինչ որ տեղի կ’ունենայ արեւելեան սահմաններուն վրայ:
Ճիշդ պատասխանած են՝ Գէորգ Եազըճեան (9), Միրնա Սիւլիւքճեան (7), Ցոլակ Ապտալեան (7), Համբարձում Յարթունեան (5), Դանիէլ Թիւֆենքճեան (8), Պերճ Տէր Սահակեան (7), Եփրեմ Թոքճեան (8):
Մրցոյթ 18
***Ինչպէ՞ս կը դարմանես հետեւեալներուն կրկնաբանութիւնները.
---Այսպիսի զղջում մը որքա՞ն արդար զղջում կարելի է համարել, քանի որ ան ստիպողական զղջում մըն է եւ ո՛չ՝ կամաւոր… (Ժամանակ,18/3/2025, էջ 2):
---Որդեգրելու համար նոր խումբ մը նշանակումներու, որոնց ամէնէն նշանակալիցը Կեդրոնական դրամատան կառավարիչի նշանակումն է (Ազդակ, 20/3/2025, էջ 2):
***Կրնա՞ս «Ազդակ»-ի հետեւեալ մահերգը վերածել յաղթերգի.
---Սպիտակ տունը յայտարարեց. «Համաս գերիները ազատ արձակել մերժելով պատերազմը ընտրեց» (19/3/2025, էջ 8):
***Հետեւեալներուն մէջ մէկական բառ փոփոխութեան կը կարօտի.
---Երեսուն հինգ տարիէ ի վեր առաջին անգամ ըլլալով Լիբանան ազատագրուած է որեւէ հոգատարութենէ («Ազդակ», 21/3/2025, էջ 2):
---Այսօր իբրեւ լիբանանցիներ՝ մենք կրնանք որոշել՝ որոշումը դուրսէն գալու փոխարէն (անդ):
Արմենակ Եղիայեան
Armenag@gmail.com