Գործարար, բարերար Սամուէլ Կարապետեանը Քննչական կոմիտէէն ներս է, անոր նկատմամբ քրէական վարոյթ նախաձեռնուած է:
Յունիս 18-ի գիշերը ժամը 03:00-ի սահմաններուն գործարար Սամուէլ Կարապետեանը իրաւապահներու ուղեկցութեամբ տեղափոխուած է Քննչական կոմիտէ։ Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը (ԱԱԾ) խուզարկութիւն սկսած էր Կարապետեանի տան մէջ։ Այսօր վաղ առաւօտեան պարզ դարձաւ նաեւ, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը պաշտօնէն ազատած է ԱԱԾ տնօրէն Արմէն Աբազեանը։ Առաւօտեան Կարէն Կարապետեանն ու որդին՝ Նարեկը եւս գտնուած են Քննչական Կոմիտէի կեդրոն եւ դուրս եկած են։
Հայաստանի իշխանութիւնը յունիս 17-ին սկսած է արշաւը «Տաշիր» ընկերութիւններու սեփականատէր Սամուէլ Կարապետեանի դէմ։ Պատճառը Կարապետեանի երէկ ըրած այս յայտարարութիւնն էր․ «Մի փոքրիկ խմբակ՝ մոռանալով հայոց պատմութիւնը, հայ եկեղեցու հազարաւոր տարիների պատմութիւնը, յարձակուել է հայ եկեղեցու վրայ, հայ ժողովրդի վրայ։ Ես միշտ եղել եմ հայ եկեղեցու ու հայ ժողովրդի կողքին, ունենալու եմ անմիջական մասնակցութիւն, եթէ չյաջողուի քաղաքական գործիչներին, ուրեմն մենք էլ մեր ձեւով ենք մասնակցելու այդ ամէնին»,-ըսած էր ան News.am-ին։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, որ Ազգային ժողովի մէջ կը մասնակցէր պիւտճէի կատարողական քննարկման, իր ընկերային ցանցերու էջերուն մեկնարկած է Կարապետեանի դէմ յարձակում։
Վարչապետը սկսած է վիրաւորանքով․ «Պոռնկաբարոյ «հոգեւորականներն» ու նրանց պոռնկաբարոյ «բարեգործներն» ինչու՞ են ակտիւացել։ Ոչինչ՝ նորից կը պասիւացնենք։ Ընդ որում՝ ընդմիշտ»,- այսպէս ան գրած է իր էջին։
Այնուհետեւ շարունակուած է գրառումները՝ Կարապետեանի հասցէին։
«Սա ձեզ համար Կալուգայի Նիժնի Տապռի գեղը չի։ Սա Հայաստանի Հանրապետութիւնն է։ Յոյս ունեմ՝ պետութեան համը բերաններդ կը մնայ»,- գրած էր վարչապետը, իսկ այդ պահուն արդէն իրաւապահները խուզարկութիւններ կ՚իրականացնէին Սամուէլ Կարապետեանի տան մէջ։
ՆԳՆ-էն յայտնած են, որ «Մի խումբ անձինք բերման են ենթարկուել։ Իրականացւում են օպերատիւ գործողութիւններ»։ Այդ պահուն չէր հաստատուած Սամուէլ Կարապետեանի ձերբակալման լուրը։
Փոխարէնը գործարարը տան մէջ էր, անոր եղբայրը՝ ՀՀԿ-ական նախկին պատգամաւոր Կարէն Կարապետեանը դուրս եկած էր եւ որոշ մեկնաբանութըւններ տուած լրագրողներուն։
Սամուէլ Կարապետեանը ռուսական լրատուամիջոցներուն փոխանցած էր իր ըսելիքը՝, ան նշած էր, որ ի սկզբանէ իրաւապահները ուզած են իրեն ձերբակալել, սակայն հաւաքուած մարդիկ չէին թողած։
Մինչ իրաւապահները գործողութիւններ կ՚իրականացնէին, վարչապետ Փաշինեանը կը շարունակէր քաղաքական յայտարարութիւններ ընել․ «Բա միջամտի, արա՛, ի՞նչ ես չուլանում պախկուել»,- գրած էր ան՝ դիմելով Կարապետեանին։