Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանին առաջարկած է միջնորդել Ուքրանիոյ հակամարտութեան կարգաւորման հարցով։ Էրտողանը, իր հերթին, խնդրած է Միացեալ Նահանգներէն օգնել Կազայի հատուածի մէջ հրադադարի հաստատման։
Թրքական Hurriyet թերթին մանրամասնութիւններ յայտնի դարձած են Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ նախագահներու բանակցութիւններու մասին։
Թուրքիոյ նախագահի վարչակազմը պաշտօնապէս յայտարարած է, որ Էրտողանը եւ Թրամփը պայմանաւորուած են ուքրանական հակամարտութիւնը լուծելու համատեղ ջանքերու շուրջ։ Էրտողանը բանակցութիւններն արդիւնաւէտ որակած է։
Ինչպէս գրած է Hurriyet-ը, Թրամփ ընդգծած է Էրտողանի կարողութիւնը երկխօսութիւն վարելու ինչպէս Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի, այնպէս ալ Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքիի հետ։ Այդ կապակցութեամբ Թրամփ թուրք գործընկերոջն առաջարկած է միջնորդի դերով հանդէս գալ։