1979-ին Իսլամական յեղափոխութեան ժամանակ տապալուած Իրանի վերջին շահի Մուհամէտ Ռեզա Փահլաւիի որդին՝ Ռեզա Փահլաւին, Իրանի դէմ Իսրայէլի յարձակման ֆոնին, դիմած է երկրի ժողովուրդին՝ յոյս յայտնելով Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան ռեժիմի անխուսափելի անկումի վերաբերեալ։
«Իսլամական Հանրապետութիւնը հասած է իր վերջին եւ կը գտնուի կործանման գործընթացի մէջ», - ըսած է Փահլաւին, որ ինքզինք կը համարէ այժմ թափուր իրանական գահի ժառանգորդը։
«Խամէնիյի, ինչպէս վախցած առնէտ, թաքնուած է թաքստոցներու մէջ եւ կորսնցուցած իրավիճակի վերահսկողութիւնը», - ըսած է Փահլաւին Իրանի ներկայի գերագոյն առաջնորդ այաթոլլահ Ալի Խամէնիյի մասին։
«Այն, ինչ սկսած է, անշրջելի է։ Ապագան պայծառ է: Ռեժիմի ճնշման գործելաոճը փուլ կու գայ։ Այժմ պարզապէս անհրաժեշտ է համազգային ապստամբութիւն՝ այս մղձաւանջին վերջնականապէս վերջ դնելու համար։ Հիմա ժամանակն է ոտքի կանգնելու, ժամանակը Իրանը վերադարձնելու։ Եկէք բոլորս առաջ երթանք՝ Պանտար Ապպասէն մինչեւ Պանտար Անզալի, Շիրազէն մինչեւ Սպահան, Թաւրիզէն մինչեւ Զահետան, Մեշհատէն մինչեւ Ահուազ, Շահր-է-Քորտէն մինչեւ Քերմանշահ՝ եւ վերջ դնենք այս ռեժիմին։ Մի՛ վախնաք Իսլամական Հանրապետութեան անկումէն։ Իրանը չ'ընկղմիր քաղաքացիական պատերազմի կամ անկայունութեան մէջ։ Մենք ունինք ծրագիր Իրանի ապագայի եւ անոր ծաղկման համար։ Մենք պատրաստ ենք անկումէն յետոյ առաջին հարիւր օրուան, անցումային շրջանին եւ ազգային ու ժողովրդավարական կառավարութեան հաստատման՝ Իրանի ժողովուրդի կողմէ եւ Իրանի ժողովուրդի համար։
Զինուորականներուն, իրաւապահ մարմիններուն, անվտանգութեան ուժերուն եւ պետական ծառայողներուն, որոնցմէ շատերը վերջին օրերուն հաղորդագրութիւններ կ'ուղարկեն ինծի, ես կ'ըսեմ. մի՛ կանգնիք Իրանի ժողովրդին դէմ այն ռեժիմին համար, որուն անկումը սկսած է եւ անխուսափելի է։ Մի՛ զոհաբերէք դուք ձեզի քայքայուող ռեժիմի համար։ Ժողովուրդի կողքին կանգնելով՝ կրանք փրկել ձեր կեանքը։ Խաղցէք պատմական դեր Իսլամական Հանրապետութենէն անցման գործին մէջ եւ մասնակցեցէք Իրանի ապագայի կառուցման։ Մեր առաջ ազատ եւ ծաղկող Իրանն է։ Թող որ շուտով միասին ըլլանք», - ըսած է ան։
Փահլաւին Իսրայէլի հետ հակամարտութեան պատասխանատւութիւնը դրած է Խամենէիի եւ Իրանի իշխանութիւններուն վրայ։
Ռեզա Փահլաւին կ'ապրի Միացեալ Նահանգներու մէջ։ Ան Իրանի Ազգային խորհուրդի առաջնորդն է, որ Իսլամական Հանրապետութեան ընդդիմադիր կուսակցութիւն է եւ արգիլուած՝ Իրանի մէջ։