image
Հրատապ լուրեր:

Իրան հրաժեշտ տուաւ Զօր. Մոհամմէտ Հիճազիին

Իրան  հրաժեշտ  տուաւ Զօր. Մոհամմէտ  Հիճազիին

Կիրակի օր մահացած Իրանի զօրավար՝ Մոհամմէտ Հիճազիին յուղարկաւորութիւնը սկիզբ առաւ Ասֆահանէն: Ըստ Իրանի Յեղափոխական Պահակագունդին, անոր դիմադրական գործունէութիւնը տարածուած էր Իրանէն դուրս, մինչեւ Լիբանան ու Պաղեստին: Այս մասին յայտնած է «Ալ Մայատին» կայանը:

Աղբիւրը նշած է, թէ Մուհամմէտ Հիճազիի յուղարկաւորութեան ընթացքին, «Ալ Քուտս»   փաղանգի հրամանատար՝ Իսմահիլ Քաանի ըսած է, որ «Դիմադրութիւնը ամէն օր կարեւոր քայլով  մը առաջ կ'երթայ ընդդէմ Ամերիկայի ու Իսրայէլի», աւելցնելով, որ Հիճազի մեծ դեր ունեցած է դիմադրութեան  ճակատի   հզօրացման  մէջ։

Իր կարգին, Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի ընդհանուր հրամանատար՝ Հուսէյն Սալամէ շեշտած է, թէ Հիճազին քալելով իր նախկիններուն ու նահատակներուն գիծով, երբեք չէ հրաժարած պայքարէն, եւ որ Հիճազին կը մարմնաւորէր իսլամի ճիշդ կերպարը իր խոնարհութեամբ ու յարգանքով, նաեւ իր անկեղծութեամբ կը ներշնչէր բոլորին: Հրամանատարը շարունակելով իր խօսքը ըսած է թէ Հիճազի  Լիբանանի «Հըզպալլա»ի  Առաջնորդ Հասան Նասրալլայի ու այլ  իսլամ առաջնորդներու   հետ միասին, կրցած է աջակցիլ «Հըզպալլա»-ին  ծրագրին ընդդէմ սիոնիզմին:

 Իր կարգին  Իրանի հոգեւոր առաջնորդ՝ Ալի Խամէնիյի  խորին ցաւակցութիւններ յայտնած է Հիճազիի մահուան կապկցութեամբ, «Ան իր ամբողջ կեանքը անցուցած է ճիհատով, պայծառ միտքով, հաւատացեալ սիրտով,  անսասան կորովով, ծառայութեամբ իսլամի  ու յեղափոխութեան, այս կ'ամփոփէ Հիճազիի անձնաւորութիւնը: Ան մեծ պատասխանատուութիններ վերցուցած է Իրանի Յեղափոխական պահակագունդին մէջ, եւ միշտ յաջողութեամբ կատարած  էզանոնք»:

Ի դէպ Զօրավար Հիճազին մահացած է սրտի կաթուածէ: Ան  երեւելի գործունէութիւն ծաւալած էր  Իրանի յեղափոխական պահակագունդին մէջ եւ  նշանակուած էր փոխ առաջնորդ «Ալ Քուտս» փաղանգին։

 Կը նշուի,  որ զօրավար՝ Մուհամմէտ Ռիտա Ֆլահ Զատէ նշանակուած է Հիճազիի պաշտօնին: