Իրան չի ծրագրեր անյապաղ արձագանգել ապրիլ 19-ի առաւօտեան իրանեան կառոյցներու վրայ յարձակման, Reuters-ին յայտնած է իրանցի բարձրաստիճան պաշտօնեան՝ անանուն մնալու պայմանով:
Ան նաեւ ըսած է, որ Իսրայէլի անմիջական մասնակցութիւնը չէ հաստատուած։
«Յարձակման օտարերկրեայ աղբիւրի մասին ոչ մէկ հաստատում կայ: Մենք չենք ենթարկուած արտաքին յարձակման, եւ քննարկումներու մասնակիցները հակուած են կարծելու, որ այդ աւելի շատ ներթափանցում էր, քան յարձակում», - մէջբերած է գործակալութիւնը պաշտօնեայի խօսքը:
Reuters-ի մէկ այլ զրուցակից պարզաբանած է, որ յարձակումէն առաջ ԱՄՆ-ն ծանուցում ստացած է Իսրայէլէն, իսկ յարձակումն ինքնին պատասխանը եղած է ապրիլ 14-ի գիշերը Իրանի յարձակման։