Գեղեցկագիտական հարցերով մասնագէտ եւ հանրայայտ Public figure Ժոէլ Մարտինեան դարձեալ ուշադրութեան կեդրոնին է։
Խնդիրն այն է, որ Ժոէլ կիսամերկ պատկերներ տեղադրած է իր «Ինսթա»ի հարթակին, որմէ ետք ալ ենթարկուած է ծանր քննադատութիւններու։
Լիբանանահայուհին աւելի ուշ ստիպուած եղած է դուրս գալ եւ ջնջել իր հաշիւը նշելով, որ եղած մեղադրանքները անընդունելի են։
Եղած դէպքէն շաբաթ մը անց ան վերստին վերադարձած է «Ինսթակրամ» նշելով, որ ինք չուզէր հեռու մնալ իր երկրպագուներէն։
Ժոէլ Մարտինեան, որ վերջին մէկ տարուան ընթացքին յաջողած է դառնալ հազարաւորներու «սիրելի»ն առիթով մը յայտարարած է, որ իր համար ամենակարեւորը անկեղծութիւնն է։
Լուրը համադրաբար՝ «Արեւելք»ի