image

Վանի  մէջ Հայաստան-Թուրքիա  տնտեսական  յարաբերութեան կեդրոն կրնայ ստեղծուիլ 

Վանի  մէջ Հայաստան-Թուրքիա  տնտեսական  յարաբերութեան կեդրոն կրնայ ստեղծուիլ 

Վանի Առեւտրաարդիւնաբերութեան պալատը պատրաստ է իր շէնքին մէջ տարածք տրամադրելու ներկայացուցչութեան մը ստեղծման համար, որ տեղւոյն վրայ պիտի համակարգէ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման շնորհիւ ձեւաւորուող տնտեսական կապերն ու առեւտրական հարցերը։ Այս մասին Երեւանի մէջ կայացած Հայաստան-Թուրքիա գործարար համաժողովին յայտարարած է պալատի նախագահ Նեժտէթ Թաքվան։

Ան ընդգծած է, որ Վանն իր աշխարհագրական դիրքով, Թուրքիան՝ Հայաստանին, եւ Հայաստանէն ալ՝ աւելի լայն տարածաշրջանային շուկաներու հետ կապելու ամենամօտ եւ յարմար կեդրոններէն մէկն է։ Սահմանային անցակէտերու վերաբացման պարագային Վան-Երեւան ճանապարհը կրնայ ըլլալ շուրջ 290 քիլոմեթր եւ անցնիլ 3-4 ժամուան մէջ՝ վերացնելով Վրաստանի կամ Իրանի միջոցով կատարուող երկարատեւ շրջանցիկ փոխադրումները եւ լրացուցիչ ծախսերը։

Թաքվան նշած է նաեւ, որ երկու երկիրներու արտադրական կարողութիւնները կրնան փոխլրացնել զիրար։ Վանի արդիւնաբերական գօտիի շինանիւթերը, շինարարական քիմիական նիւթերը, փլասթիքէ եւ փաթեթաւորման արտադրանքը, կահոյքն ու վերամշակող արդիւնաբերութեան արտադրատեսակները կրնան բաւարարել Հայաստանի պահանջարկի մէկ մասը, մինչդեռ Հայաստանը համագործակցութեան հնարաւորութիւններ ունի մետաղագործութեան, բնագիտութեան եւ այլ ոլորտներու մէջ։

Վանի պալատի նախագահը հայ եւ թուրք գործարարներուն առաջարկած է չսահմանափակուիլ միայն առեւտուրով, այլ ստեղծել համատեղ արտադրութիւններ եւ գործընկերութիւններ։ Ան նաեւ նշած է, որ Հայաստանի ազատ տնտեսական գօտիներուն մէջ արտադրութիւն կազմակերպելու պարագային թուրք ընկերութիւնները կրնան օգտուիլ Հայաստանի՝ Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամակցութենէն եւ մուտք ունենալ շուրջ 180 միլիոն սպառող ունեցող շուկայ։

Թաքվան Հայաստան-Թուրքիա տնտեսական կապերու զարգացման համար առաջարկած է ստեղծել տնտեսական ու առեւտրական հարցերու տեղական համակարգման մեխանիզմ եւ երկու երկիրներու միջեւ մշակութային ու առեւտրական դիւանագիտութիւնը դարձնել աւելի հաստատութենական ու շարունակական։

Ան ընդգծած է, որ դիւանագիտութիւնը կրնայ ճանապարհ բանալ, սակայն խաղաղութիւնը եւ բարեկեցութիւնը կայուն դարձնող հիմնական ուժը առեւտուրն է

Երեւանի մէջ Սեպտեմբեր 3-4-ին կը կայանայ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ գործարար համայնքներու երկօրեայ համաժողովը։