Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, օրերս, ազգային առաջնորդարանէն ներս ընդունած է այցելութիւնը Ազգային Կեդրոնական վարչութեան համաատենապետ Ստեփան Տէր Պետրոսեանին:
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց Լոս Անճելըս հրապարակուող՝ «Ասպարէզ»էն, որ, մասնաւորապէս, գրած է՝
Երկուշաբթի, Օգոստոս 31ին Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան ազգային առաջնորդարանի մէջ ընդունեց այցելութիւնը Ազգային Կեդրոնական վարչութեան համաատենապետ Ստեփան Տէր Պետրոսեանին:
Հանդիպման ներկայ եղան Ազգային վարչութեան ատենապետ Վահէ Յովակիմեան, շրջանէն Ազգային Կեդրոնական վարչութեան անդամ Կայծակ Զէյթլեան եւ Ազգային վարչութեան անդամներ:
Հանդիպման ընթացքին ծաւալեցաւ մտերմիկ զրոյց երկու բարեկամներու միջեւ, ապա ներկաներուն մասնակցութեամբ արծարծուեցան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան առաքելութեան եւ թեմերու առնչուած հարցեր։
Տեսակցութեան աւարտին, Գեղամ արքեպիսկոպոս յաջողութիւն եւ առաւել արդիւնաւէտ գործունէութիւն մաղթեց Ազգային Կեդրոնական վարչութեան եւ անոր ենթակայ մարմիններուն ու յանձնախումբերու աշխատանքներուն, ապա ամենայն բարիք մաղթեց յատկապէս միջին արեւելեան հայկական գաղութներու տառապեալ ժողովուրդի զաւակներուն: