1989-ին էր, կը յիշեմ «Ֆոթօ Մատոնա»ի «նկուղ»ին մէջ Խաժակին հետ «Սթրաթեկո» կը խաղայինք: Մեզի կը թելադրէին, որ հեռուները չերթանք: «Հեռու մի երթար»ը ինծի չէր վերաբերէր, որովհետեւ մեր Պուրճ Համուտի տունը կը գտնուէր հօրս խանութին ճիշդ վերեւը: Օրը կը սկսէր հանդարտ, խաղաղ ու մարդիկ հազիւ իրենց աշխատանքներուն կը փութային, լսելի կը դառնային «սարուխներ»ու ձայները: Մարդիկ իրար կը խառնուէին ու փողոցները շատ արագ կ'ամայանային: Մեզի համար իտէալական կը դառնար վիճակը ու նեղ թաղերէն բոլոր օդոները կը հեռանային: Ամէնէն ընդունուած խաղերը «Ֆինիշ»ն էին ու Ռաքէթը: Այս խաղերէն զատ սակայն, ամէնէն սիրելի խաղը անշուշտ, «Սթրաթեկո»ն էր: Ու այդ խաղը կուզէի միայն Խաժակին հետ խաղալ: Խաժակը խաբել չունէր: Տղան ազնիւ էր, շատ խօսիլ չէր ուզեր ու իրար հետ երկար ժամանակ կը խաղայինք:
Ինծի համար, ինչպէս այդ տարիքի տղոց համար պարտութիւնը ընդունելի բան մը չէր, բայց եթէ խաղը Խաժակին հետ էր, պարտութիւնն ալ քաղցրութեամբ կ'ընկալէի ու կը ծրագրէին մեր յաջորդ օրուան հանդիպումը: Միայն թէ ճամբաները մաքուր ըլլային ու Խաժակը մեզի համար հեռաւոր համարուող Անթիլիասէն Պուրճ Համուտ գար:
Լիբանանեան պատերազմի այդ փուլին ազդեցիկ համարուող դէմքերէն մին զօրավար Աունն էր: Ան, որպէս բանակի հրամանատար սիրուած անձնաւորութիւն էր յատկապէս բանակայիններու շրջանակներուն մէջ: Լիբանանահայ քաղաքական ընտրանիին համար Աունը այդքան ալ ընդունելի կերպար մը չէր: Յատկապէս այն օրերուն, երբ ան իր թնդանօթները կ'ուղղէր սուրիական բանակին դէմ եւ կը յայտարարէր իր «Հարպ ալ թահրիր»ը (հայերէնով՝ «Ազատագրումի պատերազմ») :
Սակայն մեր ժողովուրդի պարզ խաւերուն, ինչպէս նաեւ լիբանանցիներու մեծ տոկոսին համար Աունը «հերոս» ու «փրկիչ» էր, որ իշխանութեան հասնելով պիտի փրկէր Լիբանանը մանաւանդ սուրիական ներկայութենէն:
Կը յիշեմ այն օրը, երբ շատերու նման ես ալ կը բարձրանայի Պաապտայի պալատ՝ մասնակցելու համար Աունի զօրակցութեան հաւաքներուն: Հազարաւոր լիբանանցիներ վրաններ կը լարէին պալատին շուրջ եւ պալատը կը կոչէին «Քասըր ալ շաապ»:
Աունը, որ ունէր բանակի մեծ մասին զօրակցութիւնը, այս անգամ կ'ուզէր այդ նեցուկը ժողովրդային խաւերուն մէջ ալ «ցանել»: Ու կերպով մըն ալ կը յաջողէր: Լիբանանի ամենահեռաւոր շրջաններու բնակիչները, ահել ու ջահել, կին, տղամարդ, երիտասարդ ու ծեր «Ժողովրդային պալատ» կը բարձրանային ու իրենց հաւաքած ռոճիկները կը տրամադրէին այդ օրերուն զինուորական կառավարութեան վարչապետ լիբանանցի զօրավարին:
Աուն կ'որդեգրէր 1982 թուականին սպաննուած Պաշիր Ժեմայէլի հանգանակը, որն էր՝ ազատագրել Լիբանանը բոլոր օտար ուժերէն ու այդ օրերուն խօսքը դարձեալ սուրիական ուժերու ներկայութեան մասին էր:
Առանց մտնելու այդ վիճայարոյց իրադրութեան մէջ, կ'ուզեմ նշել, որ Սուրիոյ նախագահ Հաֆէզ Ասատի թելադրանքով, սուրիական ուժեր աւելի վաղ Լիբանան մուտք գործած էին պահպանելու համար տեղի քրիստոնեաները, որոնք պաղեստինցիներուն եւ «յառաջդիմական ճակատ» կոչուած ոչ քրիստոնեայ բոլոր ուժերուն միացումով կը յայտնուէին բաւական բարդ դրութեան մը մէջ:
Այս տուեալը շատ կարեւոր է, հասկնալու համար 1976-էն մինչեւ 2005 սուրիական ուժերու Լիբանան ներկայութեան հանգամանքները:
Տարբեր պատճառներու բերումով քրիստոնէական կողմերուն համար սուրիական ուժերը կը դառնային «իրական հակառակորդ» ու Աունի՝ սուրիացիներուն դէմ մղած պայքարը երկրի մեծ տոկոսին համար կը համարուէր «փրկութեան» միակ ճանապարհ:
Պաապտայի հաւաքներու ընթացքին, ինչպէս վերը ըսի, հանդիպեցայ շատ մը հայերու: Շատեր կը փորձէին չերեւիլ, շատեր ծպտուած կ'ըլլային ու շատեր ալ ընդհանրապէս անածօթ ըլլալ կը ձեւանային:
Խաժակն ալ այդ տղոցմէ էր:
Թէեւ «Սթրաթեկո» խաղերու ատեն Խաժակ շատ քիչ պարագաներու քաղաքական թեմաներու մասին կարծիք կը յայտնէր ու անոր զինուորական տարազով Պուրճ Համուտ գալը տարբեր իմաստ մ'ունէր:
Այդ տարիներուն քաղաքական զրոյցներ ընելէ բացի պատանիները կը սիրէին «զէնքի հետ խաղալ»ը: Մեր թաղին մէջ ապրող գրեթէ բոլոր տղաները ատրճանակ ունէին եւ ատոր համար ալ Խաժակին զինուորական ժաքէթով, «մարինզ»ի տաբատով եւ սեւ «ռէնճըր»ներով խանութ գալը շատ բնական բան կը համարուէր:
«Սթրաթեկո»ի խաղերը կը նուազէին ու պատերազմը աւելի կը թէժանար: Շաբաթը հազիւ մէկ անգամ կը տեսնուէինք: Ու ամէն անգամ յաջորդ հանդիպումին ըլլալ- չըլլալուն համար վախ մը ապրելով կը հեռանայինք իրարմէ:
Խաժակին հայրը՝ Յակոբ Զահթերեանը մեծ յարգանք վայելող Դաշնակցական ընկեր էր: Այն ընկերներէն, որոնք պէտք եղած պահուն կը լքէին տուն, ընտանիք, խանութ ու գործ ու կը վազէին ակումբ: Իսկ ակումբ հասկացողութիւնը մեր ժողովուրդի անվտանգութիւնը պահպանող եզր կը դառնար ու Պէյրութի հայահոծ բոլոր շրջաններուն մէջ կը գործէին հայկական ակումբներ: Այդ ակումբներուն մէջ կային նուիրեալներ, որոնցմէ էր Յակոբ Զահթերեանը, որ մինչեւ իր մահը կը մնար հաւատարիմ իր տուած երդումին: Այն ատեն արձաններու, իշխանութան, երեսփոխանական ընտրութիւններու, աղբի եւ աղբահանութեան թեմաներ չկային: Լիբանանահայութիւնը կ'ապրէր իր տարերքը եւ միւս կողմէ ալ մահ ու կենաց կռիւ կը մղէր: Գաղութը իր ինքնորոյն կեցուածքներուն համար թիրախ կը դառնար տարբեր կողմերու հարուածներուն:
Սուրիոյ դէմ եղած մարտերէն ետք, զօր. Աուն այս անգամ կը յայտարարէր, որ քրիստոնէական շրջանները «պիտի մաքրէ» եւ վերացնէ «Լիբանանեան ուժեր»ը Այդ ռազմերը սպասելի էին: Այդ օրերուն էր նաեւ, որ կը զոհուէր Խաժակը:
Յանկարծ կը կտրուէին իր մասին բոլոր լուրերը ու Խաժակի մասին խօսիլը կը դառնար թապու: Ի՞նչ պայմաններու տակ կը սպաննուէր ան, ո՞ւր կողմէ կը սպաննուէր եւ ինչո՞ւ կը սպաննուէր: Ոչ ոք կը խօսէր այդ մասին:
Խաժակ կը դառնար մէկը այն տասնեակ զինեալներէն, որոնք զոհ գացին ներ-քրիստոնէական պայքարին:
Տարիներ անց կը լսէինք, որ Խաժակը անդամ եղած էր Աունի երիտասարդական թեւին որ կը կրէր «Անսար» անունը: Անոր «Մերսետես» ինքնաշարժին մէջէն աւելի ուշ կը յայտնաբերուէին զինուորական տարազներ ու զէնքեր:
Ան կը հաւատար Աունի կերտելիք հայրենիքին ու կը հաւատար, որ պէտք է կռուէր իր գաղափարներուն համար:
Սիրած էր մարտական ուղին: Մարզուած էր: Լուռ ու մունջ զինուորական վարժութիւններ ըրած էր ու երկարահասակ ու ջղուտ Խաժակը, որ ընտիր «Սթրաթեկո»կը խաղար, ուզած էր նաեւ քաջ զինուորի պէս պատերազմիլ:
Մի՞ֆ էր եղածը, թէ՞ երազ էր, չեմ գիտեր, գիտեմ միայն որ այսպէս մենք տասնեակ խաժակներ հողին տուինք, շատ յաճախ տեղերու մէջ ու դէպքերու ընթացքին, որոնք մեզի համար չէին:
Մենք օտար էինք այդ խաղերուն մէջ:
Հիմա Խաժակ կը քնանայ հողին տակ: Ու «Սթրաթեկո»ի սերունդի ամէնէն լաւ տղոց պէս իր արեւոտ ժպիտով վերէն մեզի կը դիտէ:
Սագօ Արեան