Կարեւորելով հայ ժողովուրդի մշակութային արժէքներու եւ արժանիքներու լոյսին բերուիլը, օրերս Թուրքիոյ Կաթողիկէ Հայոց հիւրընկալ յարկին տակ բացումը կատարուած է Պոլսոյ Մխիթարեան վարաժանի երախտարժան սաներէն հանգուցեալ Տիրան Ինճիճեանի ցուցահանդէսի բացումը։ Սոյն ձեռնարկին հիմնական հովանաւորն էր հովանաւորն էր Հայ Կաթողիկէ համայնքի վիճակաւոր Գերյ. Տ. Վարդան Թ. Ծ. Վրդ. Գազանճեան Գերապայծառը, իսկ հանդիսութեան նախագահութիւնը տրուած էր Թուրքիոյ Հայոց Ամեն. Տ. Սահակ Բ. Մաշալեան Պատրիարքին։
«Արեւելք» ասոր մասին վերահասու դարձաւ Պոլսոյ Պատրիարքութեան դիմատետրեան էջէն։
Ստորեւ տարածուած հաղորդագրութիւնն ամբողջութեամբ՝
Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը 20 Սեպտեմբեր 2025, Շաբաթ, Պէյօղլուի Կաթողիկէ Հայոց Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց Տիրան Ինճիճեանի «Հայկական եկեղեցիներու մանրակերտները» ցուցահանդէսի բացման։
Մխիթարեան Վարժարանի 200-ամեակին ձօնուած հանդիսութեան հովանաւորն էր Հայ Կաթողիկէ համայնքի վիճակաւոր Գերյ. Տ. Վարդան Թ. Ծ. Վրդ. Գազանճեան Գերապայծառ։ Հանդիսութեան գլխաւորեց Ամենապատիւ Ս. Պատրիարք Հայրը, կողքին ունենալով Գերշ. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանը, Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց Քարոզիչ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանը եւ Պատրիարքական Փոխանորդ Արժ. Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեանը։ Մասնակցեցան Հայ Կաթողիկէ հոգեւորական դասը, Մխիթարեան Միաբանութեան քաղաքիս հայրերը՝ Գերյ. Հ. Սարգիս Ծ. Վրդ. Էրմէն եւ Գերյ. Հ. Յակոբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեան, ինչպէս նաեւ Կէտիկփաշայի Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ Պատուելին Գրիգոր Աղապալօղլուն, Սեւ Ծովեան Տնտեսական Համագործակցութեան Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Նայիրի Պետրոսեան։
Նախ կատարուեցաւ երեկոյեան ժամերգութիւն։ Ապա Մխիթարեան Վարժարանի 200-ամեակի կարգադիր յանձնախումբի ատենապետ Արսեն Գովան ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ, ներկայացուց օրուան նպատակը եւ յայտնեց, որ այս մէկը կը վերածուէր 200-ամեակի ձօնուած հանդիսութեան մը, քանի աշխատութեանց հեղինակ Տիրան Ինճիճեան եւս եղած է Մխիթարեան Վարժարանի սան։ Ապա, խօսք առաւ Էրօլ Ինճիճեան՝ Տիրան Ինճիճեանի որդին եւ ուրախութիւն յայտնեց, որ հօրը աշխատութիւնները անցեալին յատուկ ձեւով գնահատուած էին թէ՛ քաղաքիս եւ թէ Հայաստանի մէջ։ Իրենց ընտանիքին համար յատուկ օր մըն էր այս ցուցահանդէսի բացումը եւ յիշատակը կը պանծացնէր նաեւ հանգուցեալ Տիրան Ինճիճեանի։ Արտայայտուեցաւ Նաթալի Գոչեան Կազերօղլուն եւ յայտնեց, որ տակաւին վարժարանի աշակերտութեան ժամանակ ծանօթացած էր Ինճիճեանի աշխատութեանց եւ այդ բոլորը մեծ ազդեցութիւն գործած էին շատերուն վրայ։ Անոնք հիացմունքով կը դիտէին այդ բոլորը եւ տարիներ յետոյ անգամ մը եւս զգալի կը դառնար թէ որքան արժէքաւոր արուեստ մը կար։ Ապա ունկնդրուեցաւ Ինճիճեանի սիրելի հայերէն երգեր։ Սրտի խօսք արտասանեց նաեւ Հ. Յակոբոս Ծ. Վրդ. եւ յանուն Մխիթարեան Միաբանութեան շնորհակալութիւն յայտնեց, թէ՛ Պատրիարք Հօր եւ թէ Գերապայծառին, քանի վարժարանի 200-ամեակին ձօնուած հանդիսութիւն մը բարձր մակարդակով կը մատուցուէր։ Յայտնեց, որ ինք եւ Հ. Սարգիս Ծ. Վրդ. 200 տարիներու վերջին 50 տարիներուն ականատեսները դարձած են։ Հետեւաբար իրենց համար առաւել եւս մեծ ուրախութիւն էր այս հանգրուանը։
Հանդիսութեան աւարտին ներկաներ բարձրացան դահլիճ, ուր կատարուեցաւ բացման հանդիսութիւնը։ Յաջորդաբար Էրօլ Ինճիճեան մի առ մի տեղեկութիւններ տուաւ աշխատութեանց եւ տաճարներու մասին։ Ներկաներ հետաքրքրութեամբ հետեւեցան Ս. Էջմիածնի Մայր Տաճարի, Զուարթնոցի Տաճարի, Աղթամարի Ս. Խաչ Տաճարի եւ տակաւին բազում եկեղեցիներու մանրակերտերուն։ Յաջորդիւ ողջոյնի խօսք արտասանեց Գերապայծառ Տ. Վարդան Թ. Ծ. Վարդապետը եւ յայտնեց, որ անմոռանալի օր մը կ՚ապրէին Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդարանի մէջ։ Հայկական տաճարներու մանրակերտները առիթ կը դառնային, որ մենք առաւել եւս մօտէն ծանօթանանք մեր հոգեւոր ու մշակութային անցեալին։ Այս առթիւ ողջունեց Պատրիարք Հօր եւ հիւր հոգեւորականներուն ներկայութիւնը։
Հուսկ բանքը արտասանեց Պատրիարք Հայրը եւ անդրադարձաւ գեղարուեստի կարեւորութեան, յայտնեց, որ կան մարդիկ որոնք ժամանակը կը սառեցնեն եւ իրենց տեսած դրուագը կ՚անմահացնեն գրի եւ կամ գծի ճամբով։ Ահա, Ինճիճեան կատարած էր այս մէկը եւ այսօր ներկաներ իր աշխատութեան շնորհիւ կը տեսնէին մեր դարաւոր հայկական մշակոյթէն դրուագներ։ Որքան լաւ ուսումնասիրուած էին եւ որպէս հետեւանք կարծէք տաճարներ սենեակի մը մէջ մարմին առած էին։ Ինճիճեան յաջողած էր հսկայ տաճարները սենեակի մը մէջ ամփոփել եւ այցելուներուն պատմական ու մշակութային դաս մը տալ։ Իր կարգին Ամեն. Պատրիարք հայրը կարեւորելով այդ հանդիսութիւնը, յայտնեց որ մենք մեռեալ ժողովուրդ մը չենք։ Հետեւաբար ստեղծագործողներ ունինք եւ այս բոլորը մեզի կ՚առաջնորդէ առաւել եւս սերտ կապերով իրար միանալու եւ միասնաբար զօրանալով մեր հոգեւոր ու մշակութային կեանքը զարգացնելու։ Պատրիարք Հայրը շնորհաւորեց Էրօլ Ինճիճեանը, Գերապայծառը եւ Մխիթարեան ընտանիքը։
Հանդիսութեան աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն։