image

Ինչի մասին խօսած են Պայտնն ու Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքը

Ինչի մասին խօսած են Պայտնն ու Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքը

ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտընի հետ հանդիպման Երուսաղէմի հայ պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Նուրհան արքեպիսկոպոս Մանուկեանը ներկայացուցած է հայկական ժառանգութիւնը ու ներկայութիւնը, քրիստոնէական համայնքի ունեցած դժուարութիւններու եւ բախումներու մասին։ Այս մասին NEWS.am-ի հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութեան դիւանապետ Կորիւն վարդապետ Պաղտասարեանը։

«Ճօ Պայտընը մեր մօտ մնաց մօտ 40 վայրկեան, եւ հանդիպումը անցաւ շատ լաւ մթնոլորտի մէջ։ Պատրիարքը շնորհակալութիւն յայտնեց Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման համար։ Ապա ներկայացուց Սուրբ ծննդեան տաճարին մէջ մեր ունեցած եկեղեցւոյ իրաւունքները եւ առհասարակ՝ Սուրբ եկեղեցւոյ մէջ ունեցած հայ եկեղեցւոյ իրաւունքները։ Պատրիարքը նաեւ խօսած է մեր պատմութեան, հայկական ժառանգութեան, ներկայութեան եւ քրիստոնէական համայնքի ունեցած դժուարութիւններու ու բախումներու մասին։ Նախագահը ցանկութիւն յայտնած էր հանդիպելու բոլոր հոգեւոր հայրերու հետ լսելու համար անոնց մտահոգութիւնները եւ խնդրանքները»,- նշած է ան։

Կորիւն վարդապետ Պաղտասարեան նաեւ տեղեկացուցած է, որ պատրիարքը նախագահին նուիրած է  յախճապակեայ ափսէ եւ նուռ, քանի որ յախճապակին հայկական արուեստի մասերէն մէկն է։

«Յախճապակու արուեստը Երուսաղէմի մէջ դարձած է իւրայատուկ պրենտ մը։ Իսկ Ճօ Պայտընի նուէրը մեզի պիտի յանձնեն դեսպանատունէն»,- նշած է վարդապետ Պաղտասարեանը՝ աւելցնելով, որ Բեթղեհեմէն ետք Ճօ Պայտըն մեկնած է Սէուտական Արաբիա։'

Յիշեցնենք, որ երէկ Երուսաղէմ գտնուող ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտըն այցելած է Բեթղեհեմի Ծննդեան տաճարի հայկական եկեղեցի, ուր հանդիպում ունեցած է Երուսաղէմի հայ պատրիարք Տէր Նուրհան արքեպիսկոպոս Մանուկեանի հետ:

Նշենք, որ ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտըն Մերձաւոր Արեւելք իր այցելութիւնը սկսած է Իսրայէլէն։ Պայտըն պիտի այցելէ նաեւ Յորդանան գետի արեւմտեան ափ ու Սէուտական Արաբիա։

Յուլիս 14-ին, Իսրայէլի վարչապետ Եայիր Լափիտ եւ ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտըն Երուսաղէմի մէջ ստորագրած են երկու երկիրներուն միջեւ ռազմավարական գործընկերութեան մասին հռչակագիրը: