image

Ամեն. Տ. Նուրհան Պատրիարքը շնորհաւորեց տքթ. Արման Խաչատրեանը

Ամեն. Տ. Նուրհան Պատրիարքը շնորհաւորեց տքթ. Արման Խաչատրեանը

Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. արք. Մանուկեան ընդունած է Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան կաճառի գիտաշխատող տքթ. Արման Խաչատրեանը՝ շնորհաւորելով զայն Իսրայէլի «Պէն Կուրիոն» համալսարանէն տոքթորականի աստիճան ստանալուն առիթով։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանի պաշտօնական էջէն։

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. արք. Մանուկեան ընդունեց Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան կաճառի գիտաշխատող տքթ. Արման Խաչատրեանը՝ շնորհաւորելով զայն «Պէն Կուրիոն» համալսարանէն տոքթորականի աստիճան ստանալուն առիթով։ Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ անոր ատենախօսութեան, որ կը կրէ «Հայոց Պատրիարքութիւնը փոփոխուող Երուսաղէմի մէջ. Պահպանութեան եւ արդիականացման միջեւ» խորագիրը, իսկ Պատրիարք Հայրը մաղթեց գիտնականին նորանոր յաջողութիւններ իր գիտական գործունէութեան մէջ։

րուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. արք. Մանուկեան վերջին օրերուն հիւրընկալեց Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան կաճառի գիտնականներէն տքթ. Արման Խաչատրեանը: Հարկ է նշել, որ այս վերջինը Իսրայէլի Նեկեւ քաղաքի «Պէն Կուրիոն» համալսարանէն վերջերս տոքթորականի վկայական ստացած է: Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը զրոյցի ընթացքին ջերմօրէն շնորհաւորեց գիտնականը՝ տոքթորականի կոչման արժանացած ըլլալու բերումով: Հարկ է նշել, որ Արման Խաչատրեանի ատենախօսութեան նիւթը եղած է՝ «Հայոց Պատրիարքութիւնը փոփոխուող Երուսաղէմի մէջ. Պահպանութեան եւ արդիականացման միջեւ»: Պատրիարքարանի զրոյցի ընթացքին Խաչատրեան շնորհակալութիւն յայտնեց Նորին Ամենապատուութեան, որ տարիներ շարունակ միշտ իր հայրական օրհնութիւնը տուած էր՝ ատենախօսութեան վերաբերեալ պատրիարքութեան արխիւներէն օգտուելու եւ զանոնք ծանօթացնելու ճանապարհին: Հայոց Սրբոց Յակոբեանց վանքէն ներս, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը հերթական անգամ տուաւ իր օրհնութիւնը տքթ. Խաչատրեանին եւ անոր ապագայ յաջողութիւններ մաղթեց՝ գիտական ասպարէզի գործունէութեան մէջ: