Թուրքիոյ Patriot զէնիթահրթիռային համալիրներու մատակարարման մասին ԱՄՆ-ի վերջին առաջարկը չէ բաւարարած Անգարայի պահանջները եւ, ինքնաբերաբար, չեղեալ յայտարարուած է գործողութեան ժամկէտը լրանալու պատճառով, յայտարարած են իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութենէն, կը գրէ ria.ru-ն:
Կուսակցութեան մամուլի քարտուղար Օմեր Չելիքի խօսքով` նախքան ռուսական Ս-400 համակարգերու ձեռքբերումը, Թուրքիան ԱՄՆ-ին յայտնած է Patriot-ի գնման արժէքի եւ այլ մանրամասներու վերաբերեալ իր պայմանները, որոնք Ուաշինկթընը չէ կրցած կատարել:
«Նոր առաջարկ ստացանք, որ չէր բաւարարեր մեր հիմնական պահանջներէն գոնէ մէկը։ Առաջարկը, ինքնաբերաբար, չեղարկուած է անոր գործողութեան ժամկէտը լրանալու պատճառով»,- յայտնած է Օմեր Չելիքը:
Թուրքիոյ իշխող կուսակցութեան ներկայացուցիչը, այնուհանդերձ, յայտնած է, որ չի կրնար կանխատեսել Patriot-ի գնման շուրջ իրավիճակի յետագայ զարգացումը։
«Ինչ պիտի ըլլայ Patriot-ի հետ՝ կը տեսնենք», - ըսած է ան:
Աւելի վաղ CNN-ը նիւթ հրապարակած էր առ այն, որ Միացեալ Նահանգները պաշտօնապէս հրաժարած է՝ Թուրքիոյ Patriot զէնիթահրթիռային համալիրներ վաճառելու առաջարկէն:
Միացիր մեզ Տելեգրամում
Միացիր մեզ Յութուբում
Կիսուիլ