image

Ձերբակալուած է Վահագն Չախալեանը. ՔԿ

Ձերբակալուած է Վահագն Չախալեանը. ՔԿ

Ձերբակալուած է «Կամք» նախաձեռնութեան ղեկավար եւ աքթիւիսթ Վահագն Չախալեանը։

Ան ձերբակալուած է «Սրբազան պայքար» շարժման ղեկավարներու եւ մասնակիցներու կողմէ ահաբեկչութեան եւ իշխանութիւնը իւրացնելու նախապատրաստութեան վերաբերեալ քրէական վարոյթի շրջածիրէն ներս։

«Արմէնփրէս»-ի հետ զրոյցին այս մասին յայտնած է Քննչական կոմիտէի նախագահի մամուլի քարտուղար Կիմա Աւդալեանը։

««Սրբազան պայքար» անուանումով շարժման ղեկավարների եւ մասնակիցների կողմից ահաբեկչութեան եւ իշխանութիւնը իւրացնելու նախապատրաստութիւն կատարելու վերաբերեալ քրէական վարոյթով քննիչի միջնորդութեան հիման վրայ կայացուած դատախազի որոշմամբ ՀՀ քրէական օրէնսգրքի 43-419–րդ յօդուածի 1–ին մասով եւ 43-308–րդ յօդուածի 1–ին մասով քրէական հետապնդում է յարուցուել Վ. Չ.-ի նկատմամբ։ 

Վերջինս ձերբակալուել է՝ կալանքը որպէս խափանման միջոց կիրառելու համար դատարան ներկայացնելու նպատակով»,-նշած է Աւդալեանը։