Լիբանանեան «Ալ-Ժատիտ» կայանը կարեւոր տեղեկութիւններ տուած է Սուտանի նախագահ Ումար Հասան Ահմատ Ալ-Պաշիրի երէկ Դամասկոս կատարած այցին վերաբերեալ:
Կայանը նշած է, որ շար հաւանական է, որ Պաշիրի այցելութիւնը աւելին է, քան Սուրիա-Սուտան յարաբերութիւններու քննարկման համար հանդիպում մը:
Աղբիւրը նաեւ նշած է, որ կան տեղեկութիւններ, որոնց համաձայն Պաշիր Դամասկոս ժամանած է, որպէս Արաբական Ծոցի երկիրներու եւ յատկապէս Սէուտական Արաբիոյ ու նաեւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու կողմէ միջնորդ պատուիրակ:
Աղբիւրը նաեւ նշած է, որ առաջին անգամը չէ, որ արաբ բարձրաստիճան պատասխանատուներ Դամասկոս կ'այցելեն, նպատակ ուենալով Ասատին ուղղակի պատգամներ փոխանցել եւ նախապատրաստել յառաջիկայ քաղաքական փուլերը:
Ըստ «Ալ-ժատիտ» կայանին, Պաշիր-Ասատ հանդիպման ներակայ եղած է նաեւ Սուրիոյ Ապահովական խորհուրդի պատասխանատուներէն զօրավար Ալի Մամլուքը, որ կը համարուի Դամասկոս-Ռիատ յարաբերութիւններու շրջագիծին մէջ գործող կարեւոր սուրիացի պատասխանատու մը:
Կը նշուի նաեւ, որ շատ հաւանական է, որ Արաբական Ծոցի գլխաւոր երկու երկիրները Ասատի հետ բանակցելու պատգամ մը յղած են եւ անոնք ուզած են, որ այդ պատգամը փոխանցուի արաբ բարձր պատասխանատուի մը կողմէն, որ այս պարագային Սուտանի նախագահ Պաշիրն է: