Արմատներով իրաքահայ մեր հայրենակից՝ Արշակ Համբարձումեանի էջէն կը կարդանք՝
«Ե՛ս եմ ճամբան, սկիզբն ու վերջը, ճշմարտութիւնն ու կեանքը: Ան որ ինծի կը հաւատայ, թէպէտեւ մեռնի պիտի ապրի»:
Կիրակի, 3 ապրիլ, 2023-ին, ճիշդ մէկ տարի լրացաւ սիրելի հօրս՝ Արամ Համբարձումեանի մահուան. ասպետը իջաւ իր ձիէն, երբ այլեւս հրաժեշտ տուաւ այս մահկանացու կեանքին։
Մեծ անուն մը հեռացաւ մեզմէ, մեր ընտանիքի յենարանը, հեռացաւ մարմնով, բայց իր հոգին մեր մէջ է յաւիտեան:
Ննջէ՛ ու հանգչի՛ր սիրելի հայր, մեր՝ Համբարձումեան մեծ ընտանիքի համար երկար տարիներ կեանքդ զոհողութեամբ, պայքարով, նաեւ թշուառութեամբ լեցուն կեանք մը ըլլալէ ետք, հանգչիր խաղաղութեամբ հրեշտակներուն եւ սուրբերուն հետ դրախտին մէջ։ Աստուած հոգիդ լոյսերու մէջ պահէ: