ԱՄՆ-ը պատրաստ է առանց դժուարութեան վերադառնալ Իրանի նկատմամբ ուժային սենարի կիրառման, եթէ չյաջողի Թեհրանի հետ համաձայնեցնել ընդունելի խաղաղ գործարք։ Այս մասին Sky News հեռուստակայանին տուած հարցազրոյցին յայտարարած է նախագահ Տանըլտ Թրամփը։
«Եթէ ատիկա լաւ գործարք չըլլայ, մենք շատ դիւրութեամբ պիտի վերադառնանք ուժային տարբերակին»,– ըսած է Թրամփը՝ մեկնաբանելով Իրանի հետ բանակցութիւններու հեռանկարները։
Անոր խօսքով՝ Թեհրանի հետ բանակցութիւնները արդէն կը գտնուին առաջադէմ փուլի մէջ։