Թուրքիոյ Իկտիր նահանգի Թուզլուճա (պատմ. Կողբ) շրջանի մուտքի կամարին ՏԻՄ մարմիններու որոշմամբ՝ կամարի քառալեզու (հայերէն, քրտերէն, անգլերէն, թրքերէն) գրութիւններէն հանուած է «Բարի եկաք» եւ «Ցտեսութիւն» բառերու հայերէն տարբերակը: Այս մասին կը տեղեկացնէ թրքական պետական «Anadolu» լրատուական գործակալութիւնը:
Սեպտեմբեր 2015-ին տեղադրուած քառալեզու գրութեան մեջ առկայ հայերէնը տեղական բնակչութեան եւ Հասարակական կազմակերպութիւններու կողմէ բուռն հակազդեցութեան արժանացած էր եւ բողոքի տեղիք տուած էր, որու հետեւանքով Թուզլուճայի քաղաքապետարանը որոշում կայացուցած է հեռացնել հայատառ գրութիւնը:
Նշենք, որ կամարի հայատառ գրութիւնը հոկտեմբեր 2015-ին անյայտ անձանց կողմէ ենթարկուած էր վնասարարական յարձակման, որու հետեւանքով վնասուած էին «Ցտեսութիւն» բառի տառերը: Թուզլուճայի համաքաղաքապետ Մեհմետ Կիւլթեքինը այդ դէպքի կապակցութեամբ մեկնաբանած էր. «Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադրումէն առաջ Թուզլուճան հայկական բնակավայր եղած է: Այստեղ շատ վայրերու անուններ հայերէն են եւ հոս ապրած հայ բնակչութիւնը շրջանի կառուցման գործին մէջ մեծ աւանդ ունեցած է: Հայերէն գրութիւնը աւելացուցած ենք որպէս յարգանքի տուրք այդ ամենուն»: