Տեսանիւթ մը տարածուած է «Հըզպալլա»ի ընդհանուր քարտուղար Սէյիտ Հասան Նասրալլային, ուր վերջինս դիմակ կը կրէ եւ կը խօսի «Քորոնա» ժահրը յաղթահարելու մասին:
Տեսանիւթին մէջ Նասրալլան մասնաւորապէս ըսած է.
«Համբերութեամբ, դիմադրութեամբ, դիմացկունութեամբ, հաւատալով Աստծուն, վստահելով անոր, աղօթելով, աղաչելով, աշխատելով, գործադրելով եւ հետեւելով բանականութեան, գիտութեան եւ օրէնքներուն, կը յաղթենք այս պատերազմը»: