Հայաստան- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոն Երեւանի մէջ կայացած իր լիագումարի նիստի աւարտին կոչ մը հրապարակած է Թուրքիոյ մէջ գրանցուած վերջին դէպքերուն վերաբերեալ: Բիւրոն, որ մտահոգութիւն յայտնած է Թուրքիոյ տարածքին քիւրտերուն դէմ գրանցուող դէպքերուն առընթեր կողմերը յորդորած է նստիլ երկխօսութեան սեղանին: Բիւրոն իր կոչով նաեւ յայտնած է, թէ շրջանին մէջ բոլոր ազգութիւններու գոյակցութիւնը կարեւորագոյն հիմնախնդիր է շրջանը զերծ պահելու համար յաւելեալ տագնապներէն եւ անկանխատեսելի մարդակային կորուստներէ: Հ.Յ. Դաշնակցութեան Բիւրոն նաեւ նկատել տուած է, որ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կողմէ քիւրտերուն դէմ ի գործ դրուած հալածանքները կրնան յաւելեալ տագնապներու առջեւ դուռ բանալ: