image

Հուսիները պիտի շարունակեն թիրախաւորել Իսրայէլ մեկնող նաւերը. խօսնակ

Հուսիները պիտի շարունակեն թիրախաւորել  Իսրայէլ մեկնող նաւերը. խօսնակ

Եմէնի «Անսար Ալլահ» (հուսիներ) ապստամբական շարժման խօսնակը ուրբաթ՝ 12 յունուարին ըսած է, որ Եմէնի վրայ Միացեալ Նահանգներու եւ Մեծ Բրիտանիոյ յարձակումը ոչ մէկ արդարացում ունի, յայտնած է Reuters լրատուական գործակալութիւնը։

Մոհամմետ Ապտուլսալամը X-ի էջին գրած է, որ խումբը պիտի շարունակէ թիրախաւորել դէպի Իսրայէլ մեկնող նաւերը:

Յիշեցնենք, որ Միացեալ Նահանգներու եւ Մեծ Բրիտանիոյ զինուած ուժերը յունուարի լոյս 12-ի գիշերը հարուածներ հասցուցած են Եմէնի «Անսար Ալլահ» (հուսիներ) ապստամբական շարժման կառոյցներուն: