Եմէնի հուսիները յայտարարած են, որ պիտի դադրեցնեն իսրայէլեան տարածքներու հրթիռակոծումը, յայտնած է Yedioth Ahronot-ը։
Խմբաւորման խօսնակն ըսած է, որ հուսիները պիտի հետեւին Իսրայէլի եւ «Համաս»-ի միջեւ հրադադարի մասին համաձայնագրին: Իսրայէլի տարածքի ուղղութեամբ արձակումները պիտի դադրին կիրակի՝ յունուար 19-ին, երբ համաձայնագիրը պաշտօնապէս ուժի մէջ կը մտնէ։
Միեւնոյն ժամանակ, ինչպէս գրած է Times of Israel-ը, հուսիներն ըսած են, որ Իսրայէլը «կը շարունակէ սպառնալիք մնալ տարածաշրջանին մէջ կայունութեան եւ անվտանգութեան համար»:
Նշենք, որ Հուսիները սկսած են հարուածներ հասցնել Իսրայէլին 2023 թուականի հոկտեմբերին Կազայի հատուածին մէջ պատերազմ սկսելէն անմիջապէս ետք՝ արձակելով աւելի քան 350 անօդաչու թռչող սարքեր եւ հրթիռներ: Բացի այդ, հուսիները կը յարձակին Կարմիր ծովուն մէջ առեւտրային նաւերու վրայ։
Յունուար 15-ի երեկոյեան Իսրայէլն ու «Համաս»-ը զինադադարի համաձայնագիր ստորագրած են։