Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայդտըն հեռախօսազրոյց ունեցած է Վլատիմիր Զելենսքիի հետ, յայտնած է Սպիտակ տան մամուլի քարտուղար Քարին Ժան Փիերը, հաղորրած է rbc.ru-ն։
«Նախագահ Պայտըն քանի մը վայրկեան առաջ խօսած է նախագահ Զելենսքիի հետ։ Պայտըն կ՚ուզէր Զելենսքիին յայտնել ԱՄՆ անսասան աջակցութեան մասին, որ մենք տեսեր ենք վերջին տարիներու ընթացքին», -ըսած է ան։
Սպիտակ տունէն յիշեցուցած են, որ Միացեալ Նահանգները նոր պատժամիջոցներ սահմանած է Ռուսիոյ ուժանիւթի ոլորտի, մասնաւորապէս՝ նաւթակազային ընկերութիւններու եւ ատոնց ղեկավարներու դէմ: