Անցեալ դեկտեմբերին մեր «Սերպ» ծածկանունով յայտնի ընկերը Ֆէյսպուքի կրուփ - չաթին մէջ նկար մը տեղադրեց: Նկարին մէջ կ'երեւար «մտածկոտ», շիկահեր երիտասարդուհի մը, որ «վերէն» նստած անապատային քաղաքը կը դիտէր ու պատկերին վրայ կար գրութիւն մը՝ «Քաքի մէջ ենք վստահաբար»:
Նկարին հեղինակը Սամուէլ Մարտիրոսեանն էր ու շատ ալ չպրպտեցի, թէ ի՞նչ էր այդ նկարը «ստեղծելու» իրական դրդապատճառը: Բառի սո՞վ է մեր ապրածը: Կամ թէ ցանկացած վիճակ ներկայացնելու համար կը նախընտրենք «կարճ ու կոպիտ» ըլլալ եւ «բաց թեքստ»ով ըսել ամէն ինչ:
Մաքրամոլութիւն չէ ուզածս, բայց յայտնի է, որ «մեր» խօսքն ու ասոյթները «կէս իրականութեան» մը կամ «բաժակի դատարկ կէս»ին հայելին են: Մեր ըսելով նկատի ունիմ Ֆէյսպուքի ժողովուրդը, որ սակայն շատ յաճախ իրավիճակները ծայրայեղական դարձնելու տենդին մէջ է:
Տարիներ առաջ այդ գրառումներուն ի տես անհանգիստ կը դառնայի ու չեմ ալ գիտեր ինչու` ես ինծի «դաստիարակող»ի դեր մը տալով, ժամանակս կը վատնէի հոս եւ հոն խրատներ շռայլելով, առանց մտածելու, որ այդ արարքս ոչ մէկ բան պիտի փոխէ մեր բարեկամներու մօտեցումներէն:
Եւ այսպէս, հին «հերոսներ»ը կը յոգնին ու անոնց տեղ կու գան աւելի կատաղի «հերսներ», որոնք բոլոր տեսակի բառեր կը գործածեն` հանրութեան ուշադրութիւնը գրաւելու ու այդ «անտէր» տարածքի տէրերը դառնալու համար:
Շաբաթներ անց այդ նկարը շրջանառութենէն դուրս կու գար: Կը մտնէր ֆէյսպուքի իր մեծ խոռոչին մէջ (այս խոռոչն ալ նման է Պէրմուտա եռանկիւնիի խոռոչին, որ իրականութեան մէջ գոյութիւն չունի) եւ օրակարգերը «զիրար հրելով» կը ստեղծէին նոր «թրաֆիք»:
Թանկացումներու խնդիր, նոր նախագահի ընտրութիւն, Հրանդ Տինքի նահատակութեան տարելից ու յետոյ ալ Սարգիս Հացպանեանի տխուր մահուան լուրին մասին վկայագրումներ եւ բոլորին կողմէ սրտակցական խօսքեր ու նշմարներ:
Այդպէս է այս «եթեր»ը, ուր բոլորը մէկ անգամէն կը դառնան սիրողներ կամ ատողներ: Բոլորը կը դառնան ընկերներ ու բարեկամներ, եթէ «պահանջարկ»ը այդպէս է, կամ եթէ հասարակութեան լայն շերտերու փափաքը այլ ըլլայ բոլորը կը դառնան ատողներ ու թարախ ու թոյն թափողներ:
Նոյն այդ վիճակին մասին է երեւանցի բանաստեղծ (ծնունդով մասիսցի) Հուսիկ Արայի մէկ բանաստեղծութեան «պատմութիւն»ը, որ հեղինակին «պատ»ին վրայ յայտնուելէն ժամեր անց կը դառնար Ֆէյսպուքճիներու գլխաւոր թեման:
Հուսիկ Արան կը գրէր
Իմ երկիրը՝ արևելյան թերմացք,
նեխելու է կեղծիքի մեջ ու ստի,
կեղտից-կեղտ սողալու է ճապաղ
ու չի բարձրանա իր կղանքից վեր:
Անսպիտակեղեն, մնալու է ցեխին տապկած՝
թևերի տակ սարդոստայն ու ոչ մի թռչող երազ.
մեր փախուստն է աշխարհում՝ ելք դեպի ներս,
որ ճակատագիր է այլևս, ոչ թե հեգնանք:
Apocalypto խորագրուած բանաստեղծութեան մասին «Առաւօտ» թերթի աշխատակից Գոհար Յակոբեան, իր նշմարին մէջ կը գրէր.
«Հուսիկ Արան բանաստեղծություն է գրել ու մեր երկիրը որակել արևելյան թերմացք, որը «նեխելու է կեղծիքի մեջ ու ստի, կեղտից-կեղտ սողալու է ճապաղ ու չի բարձրանա իր կղանքից վեր»։ Հայաստան եւ կղանք, ահա այսպիսի զուգահեռ: Ինչ խոսք, տպավորիչ է… Բայց չմոռանանք, որ ինչպիսին մարդն է, այնպիսին էլ իր մտքերն են, ու յուրաքանչյուրն աշխարհն ընկալում է իր արժեհամակարգին համապատասխան»:
Յակոբեան, որ «տպաւորիչ» կը համարէր Արայի «երկնած»ը, սակայն նկատել կու տար, որ մարդու մը գրութիւնը իր աշխարհը ներկայացնող գրութիւն է: Բաց աստի ան կը փորձէր իր «մեղադրանք»ը մեղմացնել եւ նշել, որ բանաստեղծը արբած ատեն է, որ այդպիսի գործ մը գրած է:
Ան այս առումով կ'ըսէր. «Գուցե Հուսիկ Արան Հայաստանը հայհոյելու պահին հարբած է եղել, դեպրեսիվ, մուսայի գերդոզավորում է ունեցել»:
Ու ահա ինչպիսի «վառ» գրառումներ կը յայտնուէին Յակոբեանի յօդուածի «լինք»ին տակ՝
Իրավիճակը այնքան «կը թէժանար», որ գրականագէտ Յասմիկ Յակոբեան ստիպուած կ'ըլլար «մէյտան» մտնել ու Հուսիկ Արան պաշտպանելու փորձով մը բոլորին կը յիշեցնէր, որ նոյն բանաստեղծը ունի նաեւ որակաւոր տողեր:
Ան մասնաւորապէս կը մէջբերեր Հուսիկ Արայի «Նոր Հայաստան» բանաստեղծութինը:
Ոչ մէկ կասկած՝ Հուսիկ Արան տաղանդաւոր է: Բայց տաղանդը մէկ կողմ ու գիրը հրապարակելու եւ «մոմէնթոմ»ը հասկնալու տաղանդը այլ կողմ: Հիմա հարց տանք, մեր իրականութենէն բան մը փոխե՞ց այդ գրութիւնը: Առհասարակ մեր ուշադրութիւնը Հայաստանէն շեղեցաւ ու հիմա սկսանք քննարկել, ու նոյնիսկ «դատաստան» սարքել այդ տողերուն հեղինակին մասին:
Բաներ կան, որոնք «լռելեայն» կ'ապրուին:
Արդեօ՞ք մեզմէ շատերը չեն գիտեր, որ այսօր ինչ հալի է մեր երկիրը: Ինչքա՛ն խնդիրներ ունինք ու ինչքան ծանր է մեր օրը: Սակայն այդ բոլորին մէջ ալ գիտենք, որ որոշ բաներու առջեւ պէտք է լռենք:
Պարզապէս լռենք:
...
Մեր երկրին մէջ բանաստեղծները լռել չեն սիրեր: Տարիներ առաջ այդ շատախօսութեան զոհը ես ալ դարձած եմ ու ամէն մանր- մունր խօսքի, անդրադարձի, գրառման դէմ իմ տեղի-անտեղի կարծիքը յայտնած:
Շատ առիթներով, երբ մեր վիճակին եւ դժուար օրերուն մասին կը մտածեմ, կը մտաբերեմ Լեւոն Խեչոյեանի կեցուածքը:
Վերջին տարիներուն ալ անոր ընտրելագոյն գիրը մնաց անգերազանցելի (ես իր «Սեւ գիրք»ը կ'առանձնացնեմ):
Տաղանդաւոր էր ան, ինչ խօսք, ինչպէս եւ տաղանդաւոր է Հուսիկ Արան ու իմ ընկերներէն շատ շատերը:
Բայց ամենակարեւորն այն էր, որ Խեչոյեան լռել գիտէր:
Անոր տողերուն մէջ մաքրութիւն կար եւ գիտէր, թէ երբ պիտի մօտենայ սեղանին:
Մեզի այսօր լռելու «արուեստ»ն է, որ կը պակսի ու մէկ ալ՝ մաքուր ձեռքերով գիրի սեղանին մօտենալու հոգին: