image

Հուլուսի Աքար Բարձր Կը Գնահատէ Անգարա- Պաքու Զինուորական Համագործակցութիւնը

Հուլուսի Աքար Բարձր Կը Գնահատէ  Անգարա- Պաքու Զինուորական Համագործակցութիւնը

Թուրքիա-  («Հիւրիյէթ»- Պոլիս)  Թուրքիոյ բանակի սպայակոյտի  պետը   Պաքու  իր տուած  այցէն ետք  բարձր  գնահատած է  երկու  երկիրներուն միջեւ   առկայ    համագործակցութիւնը: Զօր. Հուլուսի Աքար,  որ    5 եւ  6   Հոկտեմբերին Պաքու  գտնուելով հանդիպումներ ունեցած   Ազրպէյճանի քաղաքական վերնախաւին հետ   ըսած է, որ յատկապէս  զինուորական ոլորտին մէջ երկու երկիրներու միջեւ առկայ  կապերը կը գտնուին բարձր մակարդակի մը վրայ:    Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ  իր ունեցած  տեսակցութիւնէն զատ ան նոյնպէս  փակ հանդիպում ունեցած է  Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար  Զաքիր Հասանովին հետ:  Յիշեցնենք, որ Ազրպէյճանի  կողմէ   արցախեան  սահմանին  ուղղութեամբ թրքական   հրթիռներու  օգտագործումը  երեւելի դարձած է յատկապէս  վերջին շրջանին: Թրքական    TR-107 տեսակի հրթիռով մը  Հայաստանի  հակառակաորդ երկիրը  հայկական  սահմանապահ դիրք մը խոցելով      չորս հայ զինուորներու  մահուան  պատճառ դարձած էր: