image
Հրատապ լուրեր:

Սուրիոյ մէջ ամերիկեան զօրակազմի թիւը պիտի կրճատուի՝ նուազելով մինչեւ 1000 զինուորական. Փենթակոն

Սուրիոյ մէջ ամերիկեան զօրակազմի թիւը պիտի կրճատուի՝ նուազելով մինչեւ 1000 զինուորական. Փենթակոն

Առաջիկայ ամիսներուն Սուրիոյ մէջ ամերիկեան զօրակազմի թիւը պիտի կրճատուի՝ նուազելով մինչեւ 1000 զինուորականի՝ յայտնած է Փենթակոնի ներկայացուցիչ Շոն Փարնել:

Պաշտօնեան ընդգծած է, որ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարը հրամայած է միաւորել ամերիկեան ուժերը Սուրիոյ մէջ՝ «Անսասան վճռականութիւն» գործողութեան շրջածիրէն ներս:

Միեւնոյն ժամանակ, Փենթակոնի ներկայացուցիչը նշած է, որ Իսլամական պետութեան դէմ պայքարը պիտի շարունակուի ամերիկեան զինուած ուժերու կեդրոնական հրամանատարութեան շրջածիրէն ներս: Անոր խօսքով՝ ահաբեկչութեան սպառնալիքը չի սահմանափակուիր Մերձաւոր Արեւելքով, եւ Միացեալ Նահանգները զգօն պիտի ըլլայ բոլոր ցամաքամասերուն մէջ: