Երէկ Հալէպի Ազիզիյէ շրջանին մէջ հրթիռներ ինկած են: Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Հալէպի իր աղբիւրէն: Մեր աղբիւրը նաեւ հաղորդեց, որ հրթիռները ինկած են Ազիզիյէ շրջանի «Մար Մըխայէլ» եկեղեցիին մօտ (շրջանին մէջ կ'ապրին նաեւ հայ ընտանիքներ): Հրթիռներու պայթումին հետեւանքով կան մահեր եւ տասնեակ վիրաւորներ: Ըստ մեր նախնական տուեալներուն վիրաւորներուն մէջ հայեր չկան: