image

Հրետակոծութիւն Քիեւի շրջանի ուղղութեամբ

Հրետակոծութիւն Քիեւի շրջանի ուղղութեամբ

Ուքրանիոյ Զինուած ուժերը հաղորդած են, որ առաւօտեան Ռուսիոյ զինուորականները Ուքրանիոյ ուղղութեամբ Վորոնեժի շրջանէն երեք «Իսքանտեր-Մ» պալիսթիք հրթիռ արձակած են, իսկ Կասպից եւ Ազովի ծովերէն՝ վեց թեւաւոր հրթիռ։

Ռուսական բանակի առաւօտեան հրետակոծութեան հետեւանքով Քիեւի մարզի Պրովարի շրջանին մէջ վնասուած են ելեկտրահաղորդման գիծեր։

«Ուքրէներկօ» ընկերութիւնը առաւօտեան յայտարարած է, որ յարձակման ժամանակ «շահետները» խոցուած են, սակայն անոնց բեկորները վնասած են չորս շրջանի ուժանիւթային ենթակառուցուածքները:

Ուքրանիոյ զինուժի տեղեկութեան համաձայն՝ ուքրանական ՀՕՊ-երը չեն յաջողած որսալ բոլոր երեք պալիսթիք հրթիռները եւ մէկ թեւաւոր հրթիռ։