Սուրիա- Սուրիոյ ազգային բանակին պատկանող կործանիչ մը ինկած է Իտլիպի մէջ: Ըստ հաղորդուած տեղեկութիւններուն օդանաւը ինկած է թէքնիք խանգարման մը հետեւանքով Իտլիպի Արիհա շրջանի բացօթեայ շուկայի մը վրան: Նախնական տուեալներով զոհերուն թիւը հասած է 25-ի իսկ վիրաւորներունը ՝ 70-ի: Նշենք, որ մինչեւ այս պահը օդանաւի օդաչուին ճակատագիրը կը մնայ անյայտ: