Մեծ մարդուն, հայուն եւ լրագրողին նահատակութեան 18-րդ տարելիցին առթիւ
Բարդ ժամանակներ կ՚ապրինք։ Մեր ձեռքերուն կապուած ժամացոյցները առաջուան սլաքներով չեն բանիր այլեւս։ Մեր շուրջ կը կատարուին ամեհի դէպքեր, կորսնցուցած ենք հող, մեր հայրենիքի մաս, պատմական մէկ մասը համարուող՝ Արցախը հայաթափուած է եւ այս բոլորին զուգահեռ ամէնօրեայ մեր մտքերուն, մեր մտապատկերին է Հայաստանի ապահովութեան հարցը։ Գոյութենական հարց ունինք, ու սպասումներու մէջէն կը շարադրենք մեր այսօրուայ կեանքը։ Կը «սպասենք», վատ իրադարձութիւններու, որովհետեւ անցնող տարիներու, վերջին չորս-հինգ տարիներու տարեգրութիւնը մեզի պատէ-պատ զարկաւ։ Թերեւս կորսնցուցած ենք հաւատքը, մեր սեփական գոյին, մեր բռունցքին ու մեր ուժին հանդէպ։ Կծկուած ենք տեսակ մը, իսկ մեր շուրջ, մեզմէ ոչ հեռու աշխարհը կը շարունակէ եռալ,աճիլ ու մեծնալ։
Թերեւս ի սկզբանէ չենք հասկցած, թէ ինչ հունով պէտք է նետենք մեր քայլերը, ինչ «հագուստներ»ով առաջ նայինք, գինովցած ենք քիչ մը ինքնագովութեան ոգելիցով ու կերպով մըն ալ ինկած ենք մեծ մոլորութիւններու մէջ։
Մոռցած ենք պահ մը, որ պատմութիւնը երբեք չի սիրեր առաջնորդուիլ ու ընթանալ ԵԹԷ-ներով։ Կեանքը կը հոսի, պատմութիւնը կը հոսի, մարդկութիւնը կը շարունակէ իր երթը, մեծ պատերազմները կը շարունակուին, աշխարհի քարտէզին կ՚աւելնան նոր «թէժ կէտեր», բայց մենք կը շարունակենք աշխարհին նայիլ մեր փոքրիկ պատուհաններէն։
Եւ իրօք, ի՞նչ է իսկական պատճառը, որ չենք ուզեր շիտակ նայիլ պատմութեան աչքերուն մէջ, ի՞նչն է պատճառը, որ չենք փափաքիր սրբագրել մեր սխալները ու ստեղծել նոր կէտ մը, որպէս նոր հանգրուան, նոր ժամանակ եւ նոր ընթացք։
Գիտե՞նք մեր ուզածը, հասկցանք ե՞նք մեր պարտութիւններուն իսկական պատճառը, կամ զգացած ե՞նք մեր նահանջներուն տեղ տուող տրամադրութիւններուն կուտակումը՝ մեր մէջ։
Խնդիրը մեր մէջ է, որովհետեւ չենք ուզեր անդրադառնալ, այն ոչ ողորկ, ոչ հարթ տարածութիւններուն, որուն մէջէն ալ կը հոսի մեր անցեալը, մեր իսկութիւնը, մեր արմատը։ Ամէն անգամ, որ փորձենք առերեսուիլ այդ անցեալին հետ, ամէն անգամ, որ փորձենք հասկնալ մեր ճանապարհին իսկութիւնը, ամէն անգամ, որ մտածենք մեր ստուերին ու վախերուն մասին, մեզի մէկը արթնցնել կը փորձէ։
19 Յունուար 2007-ին, երբ Պոլսոյ «Շիշլի» թաղամասին վրայ գտնուող իր իսկ հիմնադրած թերթի խմբագրատան դիմաց Հրանդ Տինք անարգ կերպով կը սպաննուէր, մեզմէ շատ քիչերը գիտէին իր մասին։
Ու տակաւին, ոչ ոք կը խորհէր, որ հարիւր հազարներու զօրակցութիւնն ու սրտի ձայնը պիտի հոսէր անոր եղերական դագաղին ետեւէն։ Հրանդի հեռացումը, անոր սպանութիւնը ու ապա ամեհի թաղումը, խորքին մէջ կը համարուի մեր ժամանակներու ամէնէն ազդեցիկ պահերէն մին։ Հայկական տարեգրութեան մէջ ձեւով մը անկիւնադարձային կէտ, պատմութեան փոշին վեր հանող սլաքներու հարուած, որուն ուժով ալ պիտի բացուէր նոր ժամանակ մը կարմիր դրօշակներով պատուած այդ երկրին՝ Թուրքիոյ մէջ։
Թէ ինչքանով էր հայկական սփիւռքը ներկայ այդ դարակազմիկ եղելութեան յստակ չէ իմ համար։ Ճիշդ է, որ Հրանդի յիշատակը, նոյնիսկ անոր մահէն եւ աւելի քան 18 տարիներու ընթացքին հայութիւնը պահեց ու պահպանեց, սակայն հարցը այն է, որ ինչ ըրաւ հայութիւնը, երբ Հրանդ Տինք ամէն շաբաթ պայքարի նոր ուղի մը կը բանար յանուն մեր հողին, յանուն մեր վէրքերուն, յանուն մեր անցեալին ու մեր ճանապարհին։
Խորքին մէջ Հրանդի մեծութիւնը չափելու համար պէտք է խօսինք անոր ճանապարհ բացողի իրական դերին մասին, այլ ոչ թէ միայն երազ ունեցող առաջամարտիկին մասին։
Պզտիկ-պզտիկ քարեր հանել մէջտեղէն, ու յետոյ չվախնալ այդ քարերուն մասին խօսելէ։ Ընդունիլ ի վերջոյ, որ ուրկէ կու գանք, ցոյց տալ դէպի այդ տեղը տանող ճանապարհը, ու խօսիլ, որ կայ ճանապարհ մը։
Չվախնալ, կամ չընդունիլ վախը, որ ամէն տեղէն կաթիլ-կաթիլ կ՚անձրեւէր Հրանդի գլխուն...։ Տեղ մը նամակներով ու փակ իմակներով (ելեկտրական նամակ), տեղ մը սեւ ծաղկեպսակներով, տեղ մը դատարանի նստարաններով ու տեղ մըն ալ «մասքէ» փամփշտակալներով ու գանկ ճաթեցնող փամփուշներով։
Այդ բոլորէն կրնար վախնալ որեւէ անձ, այդ բոլորէն կը վախնար հանրութիւնը, տուն-տեղ ունեցող մարդիկ, Պատրիարք, Տէր հայր, վարչական գործիչ, ժամասաց ու ժամկոչ, սովորական մարդիկ, որոնք ամէն օր հեղեղի պէս կը սահէին «Էրկէնիքոն» փողոցէն մինչեւ «Թաքսիմ» հրապարակ, կամ քիչ մը աւելի հեռու, քիչ մը աւելի վարերը դէպի ասիական ափ, ուր մօտիկ անցեալին Երուխանը եւ Զօհրապը իրար աչքերուն մէջ հայած են ու ժպտացած...։ Մարդոց վախը մնայուն վախ մը, մնայուն ահ մը չէ... Իսկ համակարգերը կը վախնան գաղափարներէն, կը հալածեն այդ գաղափարները, կը վազեն այդ գաղափարներու ետեւէն, կը հասնին գաղափարներուն ու յանկարծ դարանակալ ձեւով կրակ կը բանան գաղափարին վրայ։ Գիտնալով,որ գաղափարը չի մեռնիր, կ՚իյնայ գետին, կը վերածուի կարմիր արեան, բայց չի մեռնիր։ Կը հեռանայ, կը ճամբորդէ, սակայն դարձեալ կը դառնայ հին պատմութեան ու այս անգամ մեծ ժայռերը կը գլորէ, հատիկ-հատիկ կը վերցնէ մեծ վէմերը, ու անկէ ետք, նոր ճամբայ մը կը փորէ։
Հոգ չէ, որ անոր փորածը պարզապէս ակօս մըն է, անցնող փշոտ ու արիւնալի մացառներէն, բայց ի վերջոյ ճանապարհ մըն է, ուղի մըն է, ուղղութիւն մըն է։
Խօսքը ուրեմն ճանապարհ բացողի մասին է, որ ձեռքերը ծալլած չէ նստած, այլ ապրած է մեր հետ, ապրած է անոնց հետ...։
Ապրած է անոնց հետ, որոնք հեռուներուն մէջ իրենց ինքնութիւնը կը փնտռէին ու յանկարծ իր մէջ գտան այդ փրկութեան մը շունչը..։
Այդպիսին էր Հրանդը, ու անոր համար սպաննեցին զինք, մոռնալով, որ ան միայն մեր տան ճրագը չէր, ան նաեւ իրենց տան լոյսն էր, ան էր, որուն ճամբով մենք տեղ մը պիտի հանդիպէինք ու խօսէինք իրար հետ։
Պիտի խօսէինք անոնց դէմ, որ մոռցան սեղանի աղը, եւ ուրացան մեր անցեալը, եւ ապա սուրէ անցուցին իմ պապերը, առանց մտածելու, որ այդ անէծքի ուրուականը պիտի հալածէ զիրենք եւ պիտի հալածէ մինչեւ վերջ։
Հրանդը բաց ձեռքերով տարին հողին, ոչինչ մնաց անոր մարմնէն եւ այսօր անոր նահատակութիւնէն 18 տարի անց մեզի կը դառնայ, ճերմակ հագուստներով դարձեալ նոր ճամբաները նորէն բանայ...։
Ճանապարհը բանալու ուխտը , իր նոր ճամբորդութեան առաջին շեշտն էր ու այդպէս ալ պիտի յիշուի յաւիտեան։
Հրանդը, ճանապարհներէն փոքր-փոքր քարերը հաւաքող, մեծ վէմերը գլորող, եւ հողին մէջ փոքրիկ ակօսներ բացող... ու նոյն սեղանին շուրջ նստած այդ միւս մարդուն հետ հաց կիսող...։
Սագօ Արեան
Նիւթը՝ «Պայքար»էն