image
Հրատապ լուրեր:

Ուաշինկթընի մէջ. Հայաստան- ԱՄՆ  ռազմավարական գործընկերութեան մասին համաձայնագիր ստորագրուեցաւ 

Ուաշինկթընի մէջ. Հայաստան- ԱՄՆ  ռազմավարական գործընկերութեան մասին համաձայնագիր ստորագրուեցաւ 

Երեքշաբ­թի՝ 14 յու­նուարին, Ուա­շինկթը­նի մէջ ստո­րագ­րուեցաւ Հա­յաս­տա­նի ու Միացեալ Նա­հանգնե­րու մի­ջեւ ռազ­մա­վարա­կան գոր­ծընկե­րու­թիւն հաս­տա­տող Հա­մաձայ­նա­գիրը, ՀՀ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խարար Արա­րատ Միր­զո­յեանի եւ անոր ամե­րիկա­ցի պաշ­տօ­նակից Էն­թը­նի Պլին­քը­նի կող­մէ, անոնց հան­դիպման շրջա­նակին մէջ տե­ղի ու­նե­ցած արա­րողու­թեան ըն­թացքին։

Պլին­քըն այս փաս­տա­թուղթի ստո­րագ­րումը որա­կեց նշա­նակա­լից փուլ մը հայ-ամե­րիկեան յա­րաբե­րու­թիւննե­րուն մէջ:

«Կը ստեղ­ծենք ԱՄՆ-Հա­յաս­տան Ռազ­մա­վարա­կան գոր­ծընկե­րու­թեան յանձնա­ժողո­վը, որ թոյլ պի­տի տայ ընդլայ­նել հա­մագոր­ծակցու­թիւնը տար­բեր ոլորտնե­րու մէջ, ինչպէս՝ տնտե­սու­թեան, անվտան­գութեան եւ պաշտպա­նու­թեան, ժո­ղովրդա­վարու­թեան եւ ար­դա­րադա­տու­թեան։ Այս պահուն բանակցութիւնները կը տանինք դէպի միջուկային անվտանգութեան եւ ուժանիւթի ոլորտ», – ըսաւ Պլին­քըն։

Ան նաեւ յայտնեց, թէ Հայաստանի հետ կ՛աշխատին ամրապնդել ջանքերը գերիշխանութեան եւ գերիշխան տարածքի պաշտպանութեան:

Պլինքըն ըսաւ, որ յառաջիկայ շաբաթ Միացեալ Նահանգներէն սահմանային ապահովութեան յատուկ խումբ մը պիտի մեկնի Հայաստան, որպէսզի միասնաբար սահմանային ապահովութեան աշխատանքներ իրականացուին:

Իսկ Արա­րատ Միր­զո­յեան ընդգծեց, որ «ԱՄՆ-Հա­յաս­տան Ռազ­մա­վարա­կան գոր­ծընկե­րու­թեան հա­մաձայ­նա­գիրը ամուր հիմք կը ստեղ­ծէ եւ մեր հա­մագոր­ծակցու­թիւնը աւե­լի յա­ւակ­նոտ կը դարձնէ»։

Միր­զո­յեան կա­րեւոր հա­մարեց նաեւ Հա­յաս­տան-ԱՄՆ յա­րաբե­րու­թիւննե­րու զգա­լի զար­գա­ցու­մը վեր­ջին տա­րինե­րուն, հիմ­նուած՝ ընդհա­նուր ար­ժէքնե­րու եւ փո­խադարձ շա­հերու վրայ։ «Մեր յա­րաբե­րու­թիւննե­րը հա­սան այնպի­սի մա­կար­դա­կի մը, ուր ռազ­մա­վարա­կան գոր­ծընկե­րու­թեան հաս­տա­տու­մը ոչ միայն կը ցո­լաց­նէ ներ­կայ իրո­ղու­թիւնը, այ­լեւ կեն­սա­կան նշա­նակու­թիւն ու­նի բարդ աշ­խարհա­քաղա­քական պայ­մաննե­րու մէջ նա­ւար­կումի տե­սան­կիւնէն»,– ըսաւ ան։

Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խարա­րը երախ­տա­գիտու­թիւն յայտնեց Պլին­քը­նին եւ անոր անձնա­կազ­մին՝ եր­կու ժո­ղովուրդնե­րու մի­ջեւ հա­մագոր­ծակցու­թեան զար­գացման ուղղուած անոնց ջան­քե­րուն հա­մար։

«Նայելով ապագային` մենք ցանկանում ենք շարունակել համագործակցութիւնն ԱՄՆ նոր վարչակազմի հետ` մեր Ռազմավարական գործընկերութեան կանոնադրութեան մէջ նշուած յաւակնոտ նպատակներն իրագործելու ուղղութեամբ: Թող այս Կանոնադրութիւնը ծառայի որպէս Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգների միջեւ ռազմավարական յարաբերութիւնների խորացման վկայութիւն եւ ընդհանուր ձեռքբերումներով լի ապագայի ճանապարհային քարտէզ», հաստատեց Միրզոյեան եւ աւելցուց՝ ըսելով. «Մենք նաեւ սկսում ենք բանակցութիւնները ԱՄՆ հետ` միջուկային համագործակցութեան համաձայնագրի շուրջ, որը յայտնի է որպէս «123րդ համաձայնագիր»: Այն կ՛ընձեռի խաղաղ նպատակներով միջուկային էներգիայի օգտագործման հարցում համագործակցութեան շրջանակ եւ կը նշանաւորի մեր յանձնառութիւնը միջուկային էներգիայի խաղաղ զարգացմանը` ապահովութեան, անվտանգութեան եւ չտարածման ամենաբարձր չափանիշներով»։