image

Ռուսիոյ Դաշնութեան դեսպանը կանչուած է ՀՀ ԱԳՆ

Ռուսիոյ Դաշնութեան դեսպանը կանչուած է ՀՀ ԱԳՆ

Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Ռուսիոյ Դաշնութեան դեսպան Սերկէյ Քոփիրքինը ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարութիւն կանչուած է, յայտնած են ՀՀ արտաքին քաղաքական գերատեսչութենէն։

Նշուած է, որ պատճառը 12 յունուար 2025-ին Ռուսիոյ Դաշնութեան համառուսաստանեան պետական հեռուստատեսութեան եթերով թողարկուած «Շաբթուայ լուրեր» հաղորդումն է, որու ընթացքին «հնչեցուած էին արհեստականօրէն ստեղծուած խօսոյթներ Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան դէմ»։

Հանդիպման ընթացքին դեսպանին յանձնուած է համապատասխան բողոքի յայտագիր:

Նշենք, որ յունուար 12-ին Տմիթրի Քիսէլեովի ամփոփիչ ծրագրին մէջ ռեփորթաժ հրապարակուած էր հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու, տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու բացման եւ ԵՄ-ին անդամակցութեան գործընթացին աջակցելու` Հայաստանի կառավարութեան որոշման մասին: