image

Պոլսոյ մէջ. Եշիլգիւղի վարժարանի սաները՝ Պատրիարք հօր մօտ

Պոլսոյ մէջ.  Եշիլգիւղի վարժարանի սաները՝  Պատրիարք հօր մօտ

Օրերս Պոլսոյ Եշիլգիւղի վարժարանի խումբ մը սաներ այցելած են Պատրիարքարան եւ օրհնութիւնը ստացած Ամեն. Տ. Սահակ Բ. Պատրիարքին։

Այս մասին կը կարդանք Պոլսոյ «Նոր  Մարմարա»էն, որ այս մասին մասնաւորապէս գրած է ՝

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը 26 Մարտ 2024, Երեքշաբթի, ընդունեց Եշիլգիւղի վարժարանէն չորս աշակերտներ՝ Լիա Արսլան, Արմին Քէշիշկիլ, Լիա Տիւշէն եւ Նաոմի Չուլճուկիլ, որոնք գեղեցիկ գաղափարը յղացած էին Պէզճեան Մայր վարժարանին նուիրելու խելացի գրատախտակ մը։

Ընդունելութեան ներկայ էին Պէզճեան Մայր Վարժարանի Տնօրէնուհի Գլոտիա Ալթըփարմաք Տէմիր եւ աշակերտներու ծնողները։ Նորին Ամենապատուութիւնը գնահատեց կարիք ունեցողներու նկատմամբ իրենց ցուցաբերած օժանդակութեան փութալու ազնիւ շարժուձեւը եւ մաղթեց որ այդ զգացումը միշտ վառ մնայ իրենց մէջ առաւել եւս զարգանալով։ Նաեւ իր գնահատանքը յայտնեց ծնողներուն, որոնք քաջալերած են իրենց զաւակները, որպէսզի կարելի ըլլար կեանքի կոչել իրենց ազնիւ փափաքը։ Ներկաներ Նորին Ամենապատուութեան հայրական օրհնութիւնը ստացան եւ շնորհակալութիւն յայտնեցին իրենց ընծայուած ընդունելութեան համար։