Հինգշաբթի, 6 Յունիսին, Արեւմտեան Ամերիկայի թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, Ազգային առաջնորդարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Կլենտէյլի Հայ-ամերիկեան թանգարանի գործադիր ատենապետ Պերճ Կարապետեանը՝ ընկերակցութեամբ թանգարանի գործադիր տնօրէն Շանթ Սահակեանի:
Հիւրերը շնորհաւորեցին առաջնորդը իր նոր պաշտօնին համար եւ զրոյցի ճամբով ամբողջական գաղափար մը տուին անոր՝ Կլենտէյլի մէջ կառուցման ընթացքի մէջ գտնուող Հայ-ամերիկեան թանգարանին մասին, որուն հոգաբարձական կազմի համաատենապետներէն է առաջնորդը:
Հանդիպումին ընթացքին, Գեղամ արքեպիսկոպոսը դրուատեց հայութեան անցեալը եւ ներկան, ծագումը եւ զարգացումը ժամանակակից ոճով Կլենտէյլի հայաշատ կեդրոնին մէջ յատուկ թանգարանով մը ներկայացնելու գաղափարը, զայն նկատեց արդիական լեզու՝ հայ ազգի ու հայրենիքի պատմամշակութային հարստութիւնը օտարներուն ծանօթացնելու առումով եւ իր զրուցակիցներէն ստացաւ անհրաժեշտ ու շահեկան լրացուցիչ տեղեկութիւններ:
Արդարեւ, Կարապետեան եւ Սահակեան սրբազան հօր ներկայացուցին թանգարանին շինարարական փուլերը, նիւթական իրավիճակը, տարուող աշխատանքները, այս նպատակին համար սահմանուած ծրագիրները, ժողովուրդին մասնակցութիւնը, մարտահրաւէրները եւ յառաջիկայ Հոկտեմբերին կայանալիք փառատօնին մանրամասնութիւնները:
Սրբազանը իր խօսքին աւարտին շնորհաւորեց գաղութը եւ ծրագիրին պատասխանատուները, թէ՛ աշխատող, թէ՛ նուիրող բարերար ձեռքերը, ապա բոլորին մաղթեց անխափան ընթացք, յարատեւութիւն եւ յաջողութեան նոր ուղիներ:
Առաջնորդը եւ Փիեռ Մանուկեան
Նոյն օրը, առաջնորդը հանդիպում մը ունեցաւ ՀՄԸՄի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Փիեռ Մանուկեանի հետ եւ անհրաժեշտ տեղեկութիւններ քաղեց շրջանին մէջ ՀՄԸՄի գործունէութեան, կատարուած աշխատանքներուն եւ ծրագիրներուն մասին:
Սրբազանը զրուցեց Մանուկեանի հետ, որ առաջնորդին հայթայթեց Նաւասարդեան խաղերու բնոյթին, ձեւին, տարողութեան, ժամանակացոյցին, վայրին եւ այլ մանրամասնութիւններու մասին լրացուցիչ տեղեկութիւններ եւ բացատրութիւն տուաւ միութեան «Հրաշք» խումբի գործունէութեան ու ընթացքին մասին:
Արեւմտեան Հայոց թեմի համայնքային կեանքի երեսներուն հետզհետէ աւելի մօտէն ծանօթացող առաջնորդը հանդիպման աւարտին օրհնեց ՀՄԸՄի մեծ ընտանիքը եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր բոլոր աշխատանքներուն: