Դուն, գերահրաշ խոհերով լի, խախուտ սրտի եռանդ անտես,
Թէեւ ո՛չ մէկ արժէք ունիս, պարզ ու անտաշ գրիչ մըն ես,
Բայց երբ գիրի դուն վերածուիս՝ երկինք գրկող դրախտ կ'արժես,
Աշխարհէ դուրս՝ աշխարհ մը հեզ...
Դուն կը կոփես մտքեր մարդու, ծիլն ու ծերը կ'ուսուցանես,
Մաղելով մեծ հոգիներ նուրբ, չարը սրտէն, սիրտը՝ չարէն,
Ամէն աղէտ, ամէն ուսում՝ իմաստութեան կ'առջնորդես,
Զայն կը սփոփես, կը փայփայես։
Մէյ մէկ անքուն, մէյ մէկ արբած մատներու հետ՝ դուն կեանք կերտող,
Անեղծ սրտի անդորրութեան՝ ապառաժեայ անխախտ կոթող,
Սերունդներուն հայաբարբառ՝ դուն լիառատ սերմեր ցանող,
Վսեմագիր, հա՛յ գրիչն ես։
ԿԱՅԼԱԿ
«Սէր ու կրակ» գիրքէն
(Նոյ.13, 2012)