image

ՀՕՄ-ի 71-րդ Ժողովը Երեւանի Մէջ

ՀՕՄ-ի  71-րդ  Ժողովը Երեւանի Մէջ

 Հայաստան-  Հոկտեմբեր 4-9, Երեւանի մէջ  տեղի կ'ունենայ Հայ Օգնութեան Միութեան (ՀՕՄ) 71-րդ Համահայկական պատգամաւորական ժողովը, որուն կը մասնակցին կառոյցի 25 երկիրներէն ընտրուած պատգամաւորներ, ինչպէս նաեւ՝ հիւրեր եւ դիտորդներ:Ժողովի բացման պաշտօնական արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Հոկտեմբեր 4ին, «Double Tree by Hilton» պանդոկին մէջ: Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկան ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յակոբ Տէր Խաչատրեան, ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետուհի Վիգի Մարաշլեան եւ ՀՕՄի Հայաստանի Շրջանային վարչութեան փոխատենապետուհի Ժենիկ Պարսամեան։Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան զարգացման նպաստելուն եւ ՀՕՄի մէջ երկարամեայ իր ազգանուէր գործունէութեան համար, ՀՀ սփիւռքի նախարարը ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետուհի Վիգի Մարաշլեանին պարգեւատրեց նախարարութեան պատուոգիրով: