image

Երեւանի մէջ. ՀՕՄ-ի «Կռունկ» մասնաճիւղի անդամական ժողովը(Լուսանկար)

  Երեւանի մէջ. ՀՕՄ-ի «Կռունկ» մասնաճիւղի  անդամական ժողովը(Լուսանկար)

Օրերս Երեւանի մէջ կայացած է Հայ Օգնութեան Միութեան «Կռունկ» մասնաճիւղի հերթական անդամական ժողովը։ 

Այս մասին կը տեղականանք մասնաճիւղի դիմատետրեան էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է ՝

ՀՕՄի Հայաստանի «Կռունկ» մասնաճիւղի 5-րդ անդամական ժողովը կայացաւ Սիմոն Վրացեան կեդրոնէն ներս 17 Ապրիլ 2023ին ժամը 13։00ին։

ՀՕՄի քայլերգի ունկնդրութենէ ետք, մասնաճիւղի ատենապետուհի ընկհի. Ծովիկ Պայթարեան յոտնկայս հրաւիրեց ներկաները յարգանքի տուրք մատուցելու Սիւնիք համայնքի Տեղ գիւղի մէջ հերոսաբար զոհուած մեր 4 զինծառայողներու Մկրտիչ, Արթուր, Հենրիկ և Նարեկի հոգիներուն։

Օրակարգի սպառումէն ետք ընկհի Ծովիկ հրաւիրեց Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի ընկհի Մարօ Քեշիշեանը որպէսզի վարէ օրուայ սեմինարը, նիւթ ունենալով ժողովավարական կանոնները և ՀՕՄի կանոնագրի կարգ մը կէտերու շուրջ բացատրութիւններ։

Ընկհի Մարօ Քեշիշեան power pointով շատ յստակ ու հաղորդական ձեւով ներկայացուց կէտերը արթնցնելով ներկաներուն հետաքրքրութիւնը որոնք տուին լուսաբանական բազմաթիւ հարցումներ, ու գոհունակ ' տրուած բացատրութենէն փափաքեցան 2րդ սեմինար մը կազմակերպել նոյն թեմայի շուրջ։

Ապա' տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն։

Ժողովը փակուեցաւ ժամը 15։00ին։ 

Հիւրաբար ներկայ էր Սուրիոյ Օգնութեան Խաչի Շրջանային վարչութենէն ընկհի Շողիկ Շէօհմէլեան Տէր Պօղոսեանը որ դրուատեց Կռունկ մասնաճիւղի գործունէութիւնը ու հակիրճ պատկեր մը տուաւ Սուրիոյ աղետեալ երկրաշարժի վիճակին, ժողովուրդի կարիքներուն ու հասած օգնութեան մասին ու շնորհակալութիւն յայտնեց աշխարհացրիւ ՀՕՄի ընտանիքին։