image

Երեւանի մէջ կայացաւ ՀՅԴ Մամլոյ Խորհրդաժողովը

Երեւանի մէջ կայացաւ ՀՅԴ Մամլոյ Խորհրդաժողովը

17 եւ 18 Հոկտեմբեր 2021-ին Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ մամլոյ խորհրդաժողովը, որուն մասնակցեցան ՀՅԴ-ի լսատեսողական, տպագիր եւ առցանց մամուլի տարբեր երկիրներէ ներկայացուցիչներ:

Նախքան բացումը, մասնակիցները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգեցին յիշատակը արցախեան Բ. պատերազմի նահատակներուն:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, որ դիտել տուաւ, որ ՀՅԴ-ի մամուլը այսօր ունի հիմնական մարտահրաւէրներ` ազգային արժէքներու պահպանման, հայ քաղաքական միտքի հարստացման, մեր ազգային կեանքին մէջ բաժանարար գիծերու վերացման ու միասնականութեան գաղափարի շեշտադրման եւ պետական գերիշխանութեան պահպանման համար: