Հնդկաստանի վարչապետ Նարենտրա Մոտին օգոստոսի վերջը պիտի այցելէ Ուքրանիա։
Այս մասին յայտնած է Wion հեռուստաալիքը՝ յղում ընելով աղբիւրներուն, կը հաղորդէ «Ռիա Նովոսթի»ն։
«Հնդկաստանի վարչապետ Նարենտրա Մոտին օգոստոսին պիտի մեկնի Քիեւ...
Այցը, որ դեռ մշակման փուլի մէջ է, ինչպէս կ՚ակնկալուի, տեղի պիտի ունենայ օգոստոսի երրորդ շաբթուան ընթացքին, ամենայն հաւանականութեամբ՝ օգոստոս 23-ին, հաստատած են Տելիի դիւանագիտական շրջանակներու քանի մը աղբիւրներ», - յայտնած Է հեռուստաալիքը: