Հայաստանն ու Իրանը կ՚աշխատին Արաքս գետի վրայէն նոր կամուրջի կառուցման նախագիծի վրայ։ Այժմ մասնագէտները արհեստատնտեսական ուսումնասիրութիւն կ՚իրականացնեն կամուրջի հետագայ նախագծման համար։ Այս մասին «Spuntik Արմենիա»ի հետ զրոյցին յայտնած է ՀՀ տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու փոխնախարար Քրիսթինէ Ղալեչեանը։
«Մենք պէտք է ճշդենք կամրջի կառուցման տեխնիկական ցուցանիշները։ Ընդ որում, հաշուի կ՚առնուեն գործող կամրջի պարամետրերը, մասնաւորապէս՝ դրա թողունակութիւնը», -ըսած է Ղալեչեանը։
Չի բացառուիր, որ նոր կամուրջը գործողին զուգահեռ կառուցուի։ Միաժամանակ փոխնախարարը կոչ ըրած է չշտապելու եւ սպասելու արհեստատնտեսական ուսումնասիրութեան աւարտին, որ կ՚օգնէ որոշել նոր կառոյցի երկարութիւնը, լայնութիւնը, թողունակութիւնը եւ այլ յարաչափերը:
Ինչ կը վերաբերի «Հիւսիս-Հարաւ» մեքենաներու ճանապարհի ամենահարաւային հատուածի կառուցման՝ Իրանին սահմանակից Ագարակէն մինչեւ Քաջարան քաղաք (32 քմ), Ղալեչեանը նշած է, որ, ամենայն հաւանականութեամբ, աշխատանքներու աշխուժ փուլը կը սկսի 2024 թուականի փետրուարէն։