image

ՀՀ–ն մտահոգուած է` ինչո՞ւ Ռուսիան միշտ կը քննադատէ Հայաստանը, այլ ոչ թէ Ատրպէյճանը. Ալեն Սիմոնեան

ՀՀ–ն մտահոգուած է` ինչո՞ւ Ռուսիան միշտ կը քննադատէ Հայաստանը, այլ ոչ թէ Ատրպէյճանը. Ալեն Սիմոնեան

ՀՀ Ազգային Ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեանին կը մտահոգէ հարցը, թէ ինչու Ռուսիոյ Դաշնութեան քննադատութիւնները միշտ կը հնչեն՝ Հայաստանի, այլ ոչ թէ Ատրպէյճանի հասցէին։ Այս մասին ան յայտարարած է Ազգային Ժողովէն ներս լրագրողներու հետ զրոյցին։

Ազգային Ժողովի նախագահի խօսքով՝ Ատրպէյճանը ինչ ուզեր է` մեր տարածաշրջանին մէջ՝ ըրեր է, ու Ռուսաստանը կա՛մ չէ կրցած, կա՛մ չէ ուզած արձագանգել անոր։

«Յիշո՞ւմ էք՝ ինչ աղմուկ բարձրացրեց ռուսական կողմը, երբ Հայաստանը հումանիտար օգնութիւն ուղարկեց Ուկրաինա, երբ մի քանի տարի էր՝ պատերազմ էր: Այնինչ Ադրբեջանը բազմաթիւ անգամ նման օգնութիւն է ուղարկել, բայց ոչ մի ծպտուն Ռուսաստանի «արդարացի» Արտաքին գործերի նախարարութիւնից մենք չլսեցինք», -ըսած է Սիմոնեանը:

Ռուսիան, ըստ Ալեն Սիմոնեանի, շատ ցաւոտ կ՚արձագանգէ Հայաստանի պարագային, իսկ Ատրպէյճանի պարագային` ոչ։

«Իմ կարծիքով`կա՛մ չի կարողանում, կա՛մ էլ ձեւ է անում, որ չի նկատում, որպէսզի իր լաւ դէմքը պահպանի վատ խաղի ժամանակ»,–ըսած է ան։

Յիշեցնենք` սեպտեմբեր 8–ին Ռուսիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վաղարշակ Յարութիւնեանը կանչուած էր Ռուսիոյ Դաշնութեան Արտաքին գործոց նախարարութիւն։ Ռուսիոյ Դաշնութիւնը իր կոշտ դիրքորոշումն ու բողոքի գիրը յայտնած էր Հայաստանին։

Յայտարարութեան մէջ ըսուած էր, որ Հայաստանի ղեկավարութիւնը վերջին շրջանին շարք մը ոչ բարեկամական քայլեր ձեռնարկած է Ռուսիոյ Դաշնութեան նկատմամբ։